«Էրմէնիհապեր».-24 Նոյեմբերէն սկսեալ Իսթանպուլի եւ Անգարայի մէջ, իսկ այսօր արդէն Էսքիշեհիր եւ Իզմիր քաղաքներուն մէջ տեղի կ’ունենան բողոքի ցոյցեր  թրքական տարադրամի` լիրայի արժեզրկման բերումով:

Ցուցարարները կը պահանջեն Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն Եւ Զարգացում» կուսակցութեան եւ կառավարութեան հրաժարականը եւ անձամբ Թուրքիոյ նախագահին հրաժարականը: Իսթանպուլի մէջ բողոքի ցոյցեր եղած են նաեւ Թաքսիմ հրապարակին մէջ, սակայն ոստիկանութիւնը միջոցներու ձեռնարկած է եւ  փակած է ճամբան:

Երեքշաբթի թրքական արժոյթը մէկ տոլարի դիմաց 11, 37 լիրայէն հասաւ մինչեւ 13, 21 լիրայի:

Այս ամէնը տեղի ունեցաւ, երբ թրքական կեդրոնական դրամատունը անցնող Հինգշաբթի 16 տոկոսէն նուազեցուց տոկոսադրոյքը մինչեւ 15 տոկոսի, իսկ Երկուշաբթի նախագահ  Էրտողան հանդէս եկած եւ խօսած էր տոկոսադրոյքի հետագայ նուազումին մասին: