«Երկիր Մետիա».-Մայրաքաղաքի մէջ արդէն չորրորդ օրն է` տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյցեր, որոնք նպատակ ունին կանխելու ահմանագծման եւ սահմանազատման մասին փաստաթուղթի ստորագրումը:

Շարժումի հիմնական պահանջներն են` հանրայնացնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթի բովանդակութիւնը, թշնամիին Սիւնիքով միջանցք չտրամադրել եւ զինել բանակը:

Մասնակիցները յայտնած են` ստորագրուելիք փաստաթուղթի մասին կան հիմնաւոր կասկածներ, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն  թշնամիին պիտի զիջին կենսական տարածքներ, ռազմավարական կապուղիներ ու բարձունքներ, իսկ Արցախը պիտի ճանչցուի Ատրպէյճանի մաս:

Նախաձեռնութեան մասնակիցները արդէն քանի մը օր է` հանրահաւաքներ եւ իրազեկման տարբեր ցոյցեր կ’իրականացնեն` կոչ ուղղելով հանրութեան միանալու իրենց պայքարին:  Յիշեցնենք, որ 22 Նոյեմբերին շարժումի մասնակցիները 44 րոպէով փակած էին Երեւանի փողոցները` Արշակունեաց, Իսակով, Տիգրան Մեծի, Բաղրամեան պողոտաները, Յաղթանակ կամուրջէն դէպի Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցը: Այնուհետեւ նոյն օրը ցոյցի մասնակիցները ժամը 14:00-էն նախ Կառավարութեան, ապա ՀՀ նախագահականի եւ ԱԺ ընդունարաններուն  յանձնած էին իրենց պահանջ-նամակները, ապա 17:00-էն հանրահաւաք  իրականացուցած էին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ: Յաջորդ  երկու օրերը եւս նոյն պահանջով հանրահաւաք տեղի ունեցած էր: