Հայաստանի ներքին բեմին վրայ ու անոր շուրջ, դէպքերը իրարու կը յաջորդեն, զիրար կը խաչաձեւեն կայծակնային արագութեամբ: Ընդհանուր պատկերին մէջ օր աւուր ի յայտ կու գան նոր կէտեր, կը վերանորոգուին կարգ մը հիներ, սակայն զանոնք դրական գիծերով իրարու միացնելու գործը կարծէք թէ կը մնայ հեռու հորիզոն. ստեղծուած վիճակը կարելի է նմանցնել ճամբորդութեան մը, ուր ճամբորդը՝ ինքնաշարժով, շոգեկառքով կամ այլ մեքենայով կը սուրայ դէպի բաղձալի հորիզոն, սակայն հորիզոնը նոյն արագութեամբ փախուստ կու տայ իրմէ, կը հեռանայ եւ կը մնայ անհասանելի…
Վերջին օրերուն արձանագրուած կէտերէն առանձնացնենք մէկ քանին, ցանկալով, որ ընթերցողը իր տեսողութեան կարողութեամբ յաջողի որոշ կէտերու միջեւ միացման գիծեր գտնել. սա ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն մեծ է նոյնը ընելու պատասխանատուութիւնը՝ իշխանութեան եւ ընդդիմադիրներու ոլորտներուն մէջ:
* * *
1-Երկուշաբթի, 22 Նոյեմբերին, ազերիական ուժերը նոր յարձակում մը կազմակերպեցին Հայաստանի սահմաններէն ներս, այս անգամ՝ Գեղարքունիքի մարզին մէջ, Սեւանի արեւելքը, Վարդենիսի մօտակայ Նորաբնակ գիւղին ուղղութեամբ. կան զոհ ու վիրաւոր: (Արդէն մոռցա՞ծ էք, որ տարիներ առաջ, Վարդենիսէն դէպի Մարտակերտ կարեւոր ճամբայ մը բացինք եւ անցեալ տարի զայն Ատրպէյճանին նուիրեցինք, ձեռքէ հանեցինք Հայաստանի համար պաշտպանական կարեւոր վահան մը՝ Քարվաճառի շրջանը): Շաբաթ մը առաջ, նման ոտնձգութեան թիրախն էր Սեւ լիճի մօտակայ Իշխանասարի դիրքերը: Նմանապէս ունեցած էինք զոհ, վիրաւոր եւ գերեվարուածներ: Արցախը Ատրպէյճանին նուիրելէ ետք, Հայաստանի համար խաղաղութեան դարաշրջան երազողները հիմա ամէն օր կ’ապրին դաժան հետեւանքները:
2-Իշխանաւորները կ’աւետեն, որ «Ատրպէյճանին պատկանող» Գորիս-Կապան  եւ Ճակատէն տանող ճամբաներուն փոխարէն, այլընտրանքային ճամբաներ կը նորոգուին, կը բացուին (դրական աչքով, կրնանք ուրախ ըլլալ, որ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, տեղամասերը  քիչ մը աւելի՛ մատչելի կ’ըլլան հանրութեան…): Ընդդիմադիր մեկնաբաններ նման քայլերու ետին կը տեսնեն ո՛չ միայն հայկական անվիճելի հողերու զիջումի իրականութիւնը, այլ աւելի՛ն, նոր հողերու կորուստի վտանգը: Քարտէզի վրայ ցոյց կը տրուի նորոգուող «փոխընտրանքային ճամբայ» մը, որ նախատեսել կու տայ, թէ Նախիջեւանէն Ատրպէյճան ճամբաներու «ապաշրջափակումը» նկատի չունի միայն Մեղրիի ծանօթ ճամբան, Իրանի սահմանին երկայնքին, այլ շատ աւելի հիւսիս, ուղղակի բռնագրաւեալ Արցախէն ու Սեւ լիճի հարաւէն անցնող ու Նախիջեւան հասնող այլ ճամբայ մը: Եթէ նման «բարեբեր» ծրագիր իրականանայ (չկարծուի, թէ ճամբաներու շինութեան, նորոգութեան դէմ ենք), Սիւնիքը (գոնէ մեծ մասը) իրողապէս կտրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի մնացեալ շրջանէն (վաղը կրնայ վէճ ծագիլ, թէ նման ճամբու վերահսկողութիւնը որո՞ւն իրաւունքն է, իսկ ներկայ դրութեամբ, տեսանելի է, թէ Ատրպէյճանն է ճատրակի խաղին մէջ քարերը յառաջ տանողը, անկախ անկէ, որ հայրենի ճատրակի վարպետները աւելի՛ հռչակ ունին): Անկէ ետք, Մեղրիի «միջանցքը» պիտի դառնայ մանկական խաղ մը: Այսինքն (դիտենք կողքի քարտէզը), Հայաստանի հարաւային գօտիին մեծ մասը իրողապէս պիտի անցնի Ատրպէյճանի հակակշիռին տակ (առայժմ կը մտահոգուինք խլուած ճամբաներու վրայ մաքսատուներու հաստատումով, վա՞ղը…):
3-Վարչապետ Փաշինեան կը պատրաստուի Դեկտեմբերի կէսերուն Ալիեւի հետ հանդիպումին, «կնքահայրութեամբ» Եւրոպական Միութեան: Փսփսուքով կը խօսուի նաեւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումի մը հաւանականութեան մասին, որ կրնայ կանխել Պրիւքսէլի հանդիպումը: Մտածող կայ, թէ սա «վարպետի հարուած» մըն է, այսինքն՝ մէկ կողմէ կապերը պահպանել Ռուսիոյ հետ, միւս կողմէ, Մինսքի խմբակին զուգահեռ (խորքին մէջ անոր փոխարէն) երկկողմանի բանակցութիւն բանալ Ատրպէյճանի հետ, Արեւմուտքի՝ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ: Գրեթէ ստոյգ կը նկատուի, որ Պրիւքսէլի հանդիպումէն պիտի ծնի նոր համաձայնագիր մը, որ ճշդէ սահմանազատման-սահմանագծման սկըզբունքները (աւելի յոռետեսներ ալ կան): Փաշինեան հաստատած է, որ սեղանին վրայ ունի նախագիծ մը, զոր պատրաստ է ստորագրելու: Ինչպէս 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը, սա ալ գաղտնի կը պահուի ժողովուրդէն (նախագահը վաղը դարձեալ պիտի ըսէ՞, թէ մամուլէն իմացեր է մանրամասնութիւնները…): Թող բախտագուշակները լուծեն, թէ ո՞ր տեղեկութիւնն ու մեկնաբանութիւնն է աւելի տիրականը, իրականանմանը: Միայն արձանագրենք, որ (անկախ Ռուսիոյ հանդէպ համակրանք-հակակրանք ունենալու զգացումներէն, տրամադրութիւններէն) Ռուսիա կը մնայ Կովկասի մէջ հզօր դերակատար մը, ազդու ուժ մը, ու եթէ Արեւմուտքը Հայաստանը կ’առաջնորդէ անկէ-ու Իրանէն-խզուելու ճամբով…: Ու պատահակա՞ն է, որ Ռուսիա այս օրերուն կը յայտարարէ, թէ նոր ուժ պիտի ղրկէ՝ հաստատուելու Հայաստանի սահմաններուն երկայնքին (Արցախը գրեթէ աննկատ կը մնայ բոլորէն…):
4-Ընդդիմադիր ճակատը մեկնարկը տուած է նոր շարժումի մը: Խորհրդարանական ընդդիմադիրները վերջերս մերժեցին մասնակցիլ խորհրդարանի այն նիստերուն, որոնք առաջնահերթութեամբ եւ ստիպողական կարգով չքննարկեցին սահմաններուն վրայ ստեղծուած եւ 9 Նոյեմբերի վատահամբաւ համաձայնագիրով իսկ օդին մէջ մնացած հարցերը (հիմնականին մէջ գերիներու եւ կորուստներու ծանօթ հարցերը): Երկուշաբթի, 22 Նոյեմբերին, արտախորհրդարանական ուժեր նոր նախաձեռնութեան մը դիմեցին, իրենց կողքին ունենալով խորհրդարանական ընդդիմադիրները: «Զարթօնք» եւ «5165» կուսակցութիւնները, որոնք 20 Յունիսի ընտրութիւններուն չէին յաջողած խորհրդարան մտնելու բաւարար ձայներ ապահովել, հրապարակ եկան ազատագրական շարժումի մը խորագիրին տակ: Ճամբաներ փակուեցան, պետական հասցէատուներու առջեւ ցոյց տեղի ունեցաւ եւ յուշագիրներ յանձնուեցան պատկան պատասխանատուներուն: Հիմնական պահանջներն են ետ կանգնիլ պարտուողական եւ վնասաբեր (հողերու եւ Արցախի յանձնումի) նոր համաձայնագիրէ մը, հետամուտ ըլլալ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ստեղծուած անկումին վերջ դնելու եւ վերականգնումի քայլերու:
* * *
Նկատուած կէտերը ասոնք չեն, բայց բաւականանանք ասոնցմով:
Կը ծագին անխուսափելի հարցումներ: Արդեօք այս կէտերը կարելի պիտի ըլլա՞յ իրարու միացնել եւ ստեղծել դրական շարժում, Հայաստանի համար նպաստաբեր պատկեր, թէ՞ իշխանութիւնը պիտի երթայ ի՛ր ճամբով (շատ ալ կարեւոր չէ, թէ անիկա որքա՞ն պարտադիր է, որքա՞ն ինքնակամ, որովհետեւ անոր ընթացքը, ահաւասիկ աւելի քան տարիէ մը ի վեր, փաստած է իր պարտուողականութիւնն ու նահաջելու սիրահար ըլլալը), թէ՞ անոր հետեւած ճամբուն դէմ ծառացումը ի վերջոյ պիտի սկսի շօշափելի եւ գործնական ազդեցութիւն ունենալ, զանգուածը պիտի սկսի իրազեկ դառնալ ու կանգնիլ ընդդիմադիրներու կողքին (ո՛չ թէ սոսկական իշխանափոխութեան, աթոռակռիւի տրամաբանութեամբ, այլ հայրենիքի պաշտպանութեան, փրկութեան կամքով), թէ՞ անտարբեր, ձեռնածալ եւ «Ապագայ կայ»ով տարուելով, վաղը կրնայ արթննալ եւ տեսնել, որ ազատագրեալ ու անկախ հայրենիքին մօտաւորապէս քառորդին կորուստէն ետք (առաւելաբար կը խօսինք Արցախի երեք-քառորդի կորուստին մասին, հազուադէպ-օրէն կը խոստովանինք, որ Հայաստան-Արցախ անքակտելի հայրենիքին մէկ-չորրորդը կորսնցուցած ենք արդէն), նոր կորուստներ ալ պիտի ունենանք, որովհետեւ այս իշխանութեան պետը մեզի վարժեցուցած է (եթէ կարելի է նման վարժութիւն հանդուրժել), թէ գրաւոր ու վնասարար համաձանագիրներէ անդին, սովորութիւն ունի բերանացի զիջումներ ալ կատարելու, յետոյ ալ յայտարարելու, որ «կ’արժէ՞ նման բաներու համար ինքնապաշտպանական պատերազմի մէջ մտնել», չէ՞ որ «ճամբաներու ապաշրջափակումը տնտեսական բարօրութիւն պիտի բերէ»: Որո՞ւ հոգը, թէ մինչեւ այդ օրը, Հայաստանէն ի՞նչ կը մնայ, իսկ մնացածն ալ ինչպիսի՞ կարգավիճակի կը մատնուի (Արցախի կարգավիճա՞կ… Ի՞նչ տեսակի պտուղ է անիկա: Իսկ ո՞վ կը յիշէ… Արեւմտեան Հայաստանն ու Կիլիկիան, որոնք նետուած են վերը յիշատակուած հորիզոնէն ալ անդին):
Կը մնայ գրաւը դնել ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ճիգերուն վրայ եւ ըստ այնմ միացնել տարտղնուած կէտերը, մանաւանդ այդ նպատակով համոզուած ձեռքերը:
Ս. Մահսերէճեան