Սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան կի­սուն, առա­ւօտ կա­նուխ ժա­մը վե­ցին ան­կո­ղի­նէս վեր կը ցատ­կեմ, ու ինչ­պէս ամէն առա­ւօտ, առա­ջին հեր­թին նն­ջա­սեն­եա­կիս պա­տու­հա­նէն դուրս կը նա­յիմ: Դուր­սը դեռ մութ է. Այն­պէս ինչ­պէս ես կը սկ­սիմ պատ­րաստ­ուիլ տու­նէն պար­տէզ մեկ­նե­լու, արեւն ալ կը պատ­րաստ­ուի մեր տան դի­մա­ցի բլու­րին ետե­ւէն դուրս գա­լու:
-Ա՜խ, երա­նի հետս ըլ­լա­յիք ու հրա­շա­լի այս արե­ւա­ծա­գին գե­ղեց­կու­թիւնը վա­յե­լէ­ինք:
Հայ­եացքս կ’ուղ­ղեմ դէ­պի եր­կինք: Ամ­պե­րը ցան­ցառ գի­ծեր կազ­մած դէ­պի արեւ կը խո­յան կար­ծէք՝ առանց երկն­քի կա­պոյ­տը ծած­կե­լու: Այդ ցան­ցառ գի­ծե­րը կար­ծէք մար­գա­գետ­նի մը վրայ արա­ծուող ոչ­խար­ներ ըլ­լա­յին: Արե­ւը հո­րի­զո­նէն դուրս դեռ չէ ելած, սա­կայն իր ճի­գէն սո­ղոս­կած ճա­ռա­գայթ­նե­րը երկն­քի ամ­պե­րը մուգ նարն­ջա­գոյն ներ­կած են: Ամ­պե­րուն նարն­ջա­գոյն երանգը քա­նի մը վայրկ­եան կը դի­մա­նայ միայն ու ճեր­մա­կը կր­կին իշ­խող կը դառ­նայ: Մինչ այդ ամ­պե­րը հետզ­հե­տէ կը նօս­րա­նան ու կը չքա­նան: Պատ­կե­րը աստ­ուա­ծա­յին է:
Մինչ ես սուրճս ումպ առ ումպ կուլ կու տա­մ եւ կ’ապ­րիմ բնու­թեան հրա­շա­լի գե­ղեց­կու­թիւնը, արե­ւը քիչ մըն ալ կը բարձ­րա­նայ, այս ան­գամ հու­րը ձգե­լով բլու­րին ետին: Մու­թը չքա­ցած է ար­դէն, բլու­րին կար­միր հու­րը՝ մեղ­մա­ցած, իսկ արե­ւը իր հմայ­քը տա­րա­ծած ու նարն­ջա­գոյ­ն ներ­կած ողջ տարածութիւնը:
Մինչ ձեռ­քերս մի­ա­ցու­ցած, բա­րի օր­ուան խնդ­րան­քով «Առա­ւօտ Լու­սոյ» աղօթքս կը բարձ­րաց­նեմ առ Աստ­ուած ու անոր օրհնու­թիւնը կը խնդ­րեմ այդ օր­ուան գոր­ծե­րուս հա­մար, արե­ւը հետզ­հե­տէ գլու­խը դուրս կ’եր­կա­րէ, ու այս ան­գամ իր դե­ղին ճակա­տը ցոյց կու տայ:
Քիչ անց ան աւե­լի կը բարձ­րա­նայ, կա­յուն դիր­քով մը կը հաս­տատ­ուի երկ­նա­կա­մա­րին վրայ ու իր շողե­րով լոյս ու ջեր­մու­թիւն կը սփ­ռէ ամէ­նու­րեք:
Տանս դու­ռը բա­ցի ու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ դէ­պի պար­տէզ կ’ուղղ­ուիմ՝ օրե­րէ ի վեր բերքահաւաքի սկ­սած աշ­խա­տանքս շա­րու­նա­կե­լու: Ու առա­ւօտ­եան այս գե­ղե­ցիկ պատ­կե­րէն ներշնչուած կը խորհիմ.
և Չէ՜, զիս մի՛ հա­մո­զէք, որ Քե­սա­պի տանս բլու­րին ետե­ւէն դուրս եկող այս գե­ղե­ցիկ արե­ւը նոյն արեւն է, որ ողջ աշ­խար­հը կը լու­սա­ւո­րէ ու տա­քուկ օրեր կը պար­գե­ւէ բո­լո­րին: Ո՛չ, իմ գիւ­ղին արե­ւը տար­բեր է: Ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կր­նամ  Քե­սապն ու այս քաղցր արե­ւն ու առա­ւօ­տը լքե­լով Քա­նա­տա գաղ­թել, պարզա­պէս մեր հա­րա­զատ­նե­րուն ու ըն­կեր­նե­րուն կա­րե­ւոր մէկ տոկոսին հե­տե­ւե­լու եւ անոր միանալու հա­մար: Չէ՛, չեմ կր­նար գաղ­թել: Ես ինչ­պէ՞ս լքեմ Քե­սա­պի այս տա­քուկ արե­ւը, որո՞ւ թո­ղում ա՛յս արեւը ու ինչ­պէ՞ս գաղ­թեմ դէ­պի այդ ցուրտ եր­կի­րը…:
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան