Պարզ մեղքի մը համար մարդուն ապաշխարութիւնը կրնայ դիւրին ըլլալ, սակայն ծանր մեղքերը, ինչպէս Դաւիթի կատարած մեղքը, թերեւս կարիքը ունին երկար ապաշխարութեան ժամանակամիջոցի, ինչպէս նաեւ՝ արթուն հսկելու, աղօթելու, Աստուածաշունչ կարդալու, խորհրդածելու, ծոմապահութեան, եւայլն ու շատ արցունքի: Ասիկա սակայն չի՛ նշանակեր, որ Աստուած կը մերժէ այս կերպ ապաշխարութիւնը, որուն համար ալ երկարաժամ ու դառն կ’ըլլա՛յ, այլ ըսել ուզուածը այն է, որ ինչքանով մեղքը Դաւիթի կեանքին մէջ արմատացած էր, այնքան եւ աւելի ան կարիքը ունէր անոնց համար ցաւելու եւ արցունք թափելու: Որովհետեւ արցունքը կը լուայ մեղքի հետքերն ու արդիւնքները, որոնք ի ներքուստ հպած են անոր զգայարանքներուն եւ կամ ի ներքուստ յագեցած է իր էութիւնը: Ուստի, այս մաքրագործումը տեղի կ’ունենա՛յ շնորհքին օգնութեամբ:
ՄԵՂՔԻՆ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՀՆ Է
Յաճախ որոշ մարդոց համար մեղքերը կը տեսակաւորուին. ոմանց համար կ’ըսե՛ն մեծ մեղքեր, իսկ ուրիշներու համար՝ փոքր մեղքեր: Եւ հարց կու տան, Աստուծոյ մօտ բոլոր մեղքերը հաւասա՞ր են, եւ կամ ուրիշ խօսքով, բոլոր մեղքերուն համար համահաւասար նո՞յն պատիժը պիտի սահմանուի, թէ ոչ:
Ընդհանրապէս մեղքը պատճառ կ’ըլլա՛յ, որ մարդ խզէ իր յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ, որուն իբրեւ հետեւանք նաեւ կորսնցնէ իր կեանքը. «որովհետեւ մեղքի վարձատրութիւնը մահ է» (Հռ 6.23): Սակայն ինչպէս նախապէս ըսինք, որքա՛ն մարդուն գործած մեղքը մակերեսային եւ անցողակի ըլլայ, այնքան աւելի անոր կարողութիւնը մեծ կ’ըլլա՛յ ապաշխարելու եւ ազատելու մեղքի տիրապետութենէն: Հարցը պարզապէս մեղքը հաշուի առնելը չէ, այլ տեսնել թէ մարդ Աստուծոյ հետ կեանքը կ’ապրի՛ թէ ոչ:
Այս բոլորին մէջ մարդուն համար էականն այն է, որ ինք գիտնայ թէ Աստուծոյ զաւակներուն խումբին կը պատկանի՞ թէ ոչ: Արդեօք ինք արժանի՞ է երկինքի արքայութեան թէ՝ դուրսը նետուողներուն հետ պիտի դասուի: Որո՞նց հետ է ինք, իմաստուն հինգ կոյսերու՞ն, թէ՝ յիմար կոյսերուն:
ՄԵՂՔԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ
Կարեւորը այն չէ, թէ մեղքը նկատի առնուած է կամ ոչ, այլ իր փրկութեան ու յաւիտենականութեան մասին զգուշութեամբ հսկող մարդուն համար կարեւորն այն է՝ իբրեւ երկնային արքայութեան ժառանգորդ, փնտռել ու բացայայտել, թէ ինք ապագային ի՞նչ էութիւն ու վիճակ պիտի ունենայ: Կարեւորը մարդ գիտնայ եւ անդրադառնայ, թէ մեղքը ի՛նչ աստիճանի ազդեցութիւն ունեցած է իր ներքին էութէան վրայ եւ ի՛նչ աստիճանի վնաս պատճառած է թէ՛ իրեն եւ թէ՛ ուրիշներուն կեանքին մէջ: Երբեք կարեւոր չէ եթէ աւերուած վիճակի մէ՞ջ է կամ՝ կառուցման, այլ աւելի կարեւորը իր ճրագը ձէթով լեցու՞ն է թէ՝ պարապ…: Այ՛ս է անկեղծ ապաշխարութիւնը եւ երկնքի արքայութեան պատրաստուիլը:
Թարգմանեց՝
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան