Արցախին ու արցախցիին զօրավիգ կանգնող տարաբնոյթ ձեռնարկներու, մարդասիրական ծառայութիւններու, դիւանագիտական, քաղաքական աշխատանքներու չափ ալ կարեւոր են արցախցիին անհատապէս զօրակցելու, անոր հոգեվիճակը բարեփոխելու, աշխարհահայեացքը հարստացնելու եւ հայկական տարբեր համայնքներու հետ անոր գործակցութեան, փորձառութիւններու փոխանակման կարելիութիւնները բազմացնելու ծրագիրը:
Մարդկային պաշարները արդիւնաւէտ գործօններ կը համարուին ազգերու յառաջընթացին համար: Անոնց պատրաստութիւնը, որակաւորումն ու վերաորակաւորումը շատ կարեւոր գործընթացներ են, որոնք հարկ է որ բանին անընդմէջ` տուեալ ազգին ապագան երաշխաւորելու հեռանկարով:
Հայ կեանքին մարդկային պաշարներ հասցնող ամէնէն հիմնական պատասխանատուները երիտասարդական կազմակերպութիւններն են: Առաջադրանքները ժամանակի եւ պայմաններու փոփոխութեան առընթեր նոր տեսք ու էութիւն կը ստանան:  Այսօր արդէն ներկայ եղանակներուն թելադրած կանոնները կը պարտաւորեցնեն թէ՛ աշխարհընկալման եւ թէ՛ հայ կեանքի ոլորտներու արդիականացման կարեւոր ուղղութիւններու իւրացումը եւ ըստ այդմ աշխատելաոճերու որդեգրումը:
Մասնագիտացման դար է  նաեւ երիտասարդական հարցերով զբաղող կողմերու համար:
Հայ  կեանքի պարագային այս ոլորտը արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ յատկապէս երբ Սփիւռքի, Հայաստանի եւ Արցախի մեր երիտասարդութիւնը ագուցուած կ’ըլլան իրենց ծրագիրներով, աշխարհընկալման տարբերութիւններով եւ փորձառութիւններով:
Ժամանակակից պայմաններու թելադրած օրինաչափութիւններուն ընդառաջ, Արցախի մեր երիտասարդական զինանոցը թարմացնելու եւ աշխուժացնելու հեռանկարով, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը  նախաձեռնած է Արցախ-Սփիւռք յարաբերութիւններու սերտացման ու հզօրացման՝ ե՛ւ համահայկական, ե՛ւ ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու մակարդակներով: Այս ծրագիրին որպէս արդիւնք,  22 Նոյեմբերին Սուրիա ժամանեցին Արցախի ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամներ։
Անոնք իրենց կեցութեան ընթացքին պիտի ծանօթանան տեղւոյն երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու աշխատանքներուն, մասնակցին վարժողական համապատասխան ծրագիրներու եւ նպաստեն փորձառութիւններու փոխանակման կարեւոր գործին։
Յաճախ շեշտած ենք, որ նուիրումն ու բարոյախօսական կարգախօսերը հարցեր չեն լուծեր: Ուստի մարդկային պաշարներու պատրաստութիւնը, բարձրագոյն պատասխանատուութեամբ,  մեծ ներդրում կրնայ ունենալ յատկապէս Արցախի մեր չքնաղ երիտասարդութեան զօրակցութեան մարզին: Նման ծրագիր կը նպաստէ ՀՅԴ կառոյցներու մէջ գործող մեր երիտասարդութեան կապերու ամրապնդման եւ փորձառութիւններու փոխանակման: Այսպիսի կապեր կը նպաստեն համահայկական հարցերու ամբողջական ընկալումը եւ անոնց լուծումներու ծրագրաւորման ատաղձը ունեցող երիտասարդական պաշարներու ձեռքբերման:
Թող այս ծրագիրը ընդլայնի եւ մեծաթիւ երիտասարդներ ընդգրկէ: