ՏԵ­ՂԱ­ԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուր­իոյ ֆութ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նը ձա­խո­ղու­թիւն մը եւս ար­ձա­նագ­րե­լով, 3-0 ար­դիւն­քով զի­ջե­ցաւ Իրա­նի կազ­մին: Մր­ցու­մէն ետք ֆութ­պո­լի դաշ­նու­թիւնը պաշ­տօ­նա­զուրկ ըրաւ հա­ւա­քա­կա­նի մար­զիչ Նի­զար Մահ­րու­սը, որ­մէ եր­կու օր ետք նոր մար­զիչ որո­շեց ռո­մա­նա­ցի Թի­թան, որ նա­խա­պէս մար­զած է Հա­լէ­պի Իթ­թի­հա­տը եւ անոր հետ ար­ժա­նա­ցած Աս­իոյ ախոյ­եա­նու­թեան, ինչ­պէս նա­եւ որոշ շր­ջան մը մար­զած է Սուր­իոյ հա­ւա­քա­կա­նը:
 – Սուր­իոյ պաս­քե­թի հա­ւա­քա­կա­նը Իրա­նի մէջ կա­տա­րեց ու­սում­նա­մար­զա­կան հա­ւաք մը, ուր բա­րե­կա­մա­կան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ տե­ղա­կան խում­բե­րուն հետ: Կի­րա­կի օր հա­ւա­քա­կա­նը ուղղ­ուե­ցաւ Խա­զա­խիս­տան, ուր պի­տի կա­տա­րէ հա­մաշ­խար­հա­յին ախոյ­եա­նու­թեան զտ­ման անդ­րա­նիկ մր­ցու­մը:
ՄԻ­ՋԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ
ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԸ ՀԵՌԱՑՈՒՑ ՍՈՒԼՇԷՐԸ
Անգլ­ի­ա­կան Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տի վար­չու­թիւնը խում­բին 4-1 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատն­ուե­լէն ետք որո­շեց հե­ռաց­նել խում­բի նոր­վեկ­ի­ա­ցի մար­զիչ Գու­նար Սուլ­շէ­րը իր պաշ­տօ­նէն: Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը 2018-ին Սուլ­շէ­րին վս­տա­հած էր այս պաշ­տօ­նը, որուն գլ­խա­ւո­րութ­եամբ անց­եալ տա­րեշր­ջա­նին ան տի­րա­ցաւ Անգլ­իոյ փո­խա­խոյ­եա­նի կո­չու­մին: Ան «Իւ­րո­փա-լիկ»ի եզ­րա­փա­կի­չին պար­տու­թեան մատն­ուե­ցաւ Վի­լա Ռի­ա­լէն: Մինչ նոր մար­զի­չի նշա­նա­կու­մը, ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը պի­տի դառ­նայ փոխ­մար­զիչ՝ Մայքլ Քե­րի­կը։ Անգլ­իոյ առաջ­նու­թեան 12-րդ փու­լին, Ման­չես­թըր Իւ­նայ­թը­տը 4-1 ար­դիւն­քով պարտու­թեան մատն­ուե­ցաւ 16-րդ դիր­քը գրա­ւող Ուաթ­ֆոր­թէն:
ՉԱ­ՒԻ ՆՇԱ­ՆԱԿ­ՈՒԵ­ՑԱՒ ՊԱՐ­ՍԵ­ԼՈ­ՆԱ­ՅԻ ՄԱՐ­ԶԻՉ
Եր­կար բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք, Սպան­իոյ քա­թա­լո­ն­է­ա­կան ակումբ՝ Պար­սե­լո­նան, յա­ջո­ղե­ցաւ Քա­թա­րի Էլ­սատ ակում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ կազ­մի մար­զիչ Չաւի­ին վս­տա­հիլ Պար­սե­լո­նա­յի մար­զի­չու­թեան պաշ­տօ­նը: Չա­ւի, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին կը մար­զէր քա­թար­եան ակում­բը, ըն­դու­նեց ստանձ­նել իր նախ­կին խում­բին մար­զի­չու­թիւնը, ար­ձա­նագ­րե­լով իր պայ­ման­նե­րը: Աւելց­նենք, որ Չաւիի գլ­խա­ւո­րու­թեամբ քա­թա­լոն­էա­կան ակում­բը 1-0 ար­դիւն­քով պար­տու­թեան մատ­նեց իր դրա­ցին՝ Սպանի­ո­լը: Հան­դի­պու­մի մի­ակ կո­լը նշա­նա­կեց Մեմ­ֆիս Տի­պա­յը՝ տու­գա­նա­յին հար­ուա­ծով:
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ ՌԱՖՖԻ ՍԻՒԼԱՀԵԱՆ