2022-ը նորութիւններով դիմաւորելու համար ձեզի կը ներկայացնենք կաղանդի գիշերուան յատուկ դիւրին ուտեստներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կրնան ստեղծել յատկապէս մանուկներուն համար:
Ա) Ձիւնեմարդու տեսքով բիձա
Պատրաստելէ ետք բիձային խմորը, զայն բացէ՛ք երկու չափերով՝ փոքր շրջանակի չափով եւ մեծ շրջանակի չափով: Փոքր շրջանակը պիտի ըլլայ ձիւնեմարդուն գլուխը, իսկ մեծը՝ մարմինը:
Զոյգ խմորներուն վրայ տեղաւորեցէ՛ք լոլիկով մածուկը, ապա կրիւյէր պանիրը: Փոքր խմորին վրայ ձիթապտուղով եւ ստեպղինի շերտով ձեւաւորեցէ՛ք ձիւնեմարդուն աչքերն ու բերանը, ապա քիթը: Այնուհետեւ մարմինին վրայ սպիտակ հագուստին կոճակները՝ ձիթապտուղով, իսկ վզկապը՝ կանաչ պղպեղով:
Բ) Ձպիկներով աղանդեր
Ձպիկներով տօնածառի ձեւով կարգով շարեցէ՛ք նախ ծալուած ժամպոնը, ապա ստեպղինը, ապա սալամին, վարունգը, կրիւյէր պանիրը եւ վերջապէս փոքրիկ լոլիկ մը: Լոլիկին վերեւի բաժինին անցուցէ՛ք փոքրիկ կարմիր ժապաւէն մը, որուն վրայ անցուցէ՛ք վարունգով կամ խնձորի շերտով պատրաստուած աստղաձեւ կտոր մը: Դուք պիտի ունենաք ախորժաբեր եւ գեղեցիկ տօնածառեր:
Գ) Պանանով եւ Ելակով Ձպիկներ
Պանանը երկուքի կիսեցէ՛ք, անոնց վրայ երկու տուրմի կտորներով աչքեր ձեւաւորեցէ՛ք, իսկ մէկ կարմիր շաքարով՝ կլոր քիթ մը: Զայն անցուցէ՛ք ձպիկներուն, վրան տեղադրեցէ՛ք մէկ շերտ կլոր մարշմելլօ շաքար, ապա ելակի կտոր մը եւ այս անգամ փոքրիկ ու երկարաձեւ մարշմելլոյի կտոր մը: Դուք պիտի ունենաք փոքրիկ կաղանդ պապուկներու գլուխներ:
Դ) Կաղանդ Պապուկի Գլուխ
Պատրաստեցէ՛ք չէօրէկի ձեզի յարմար խմորը: Խմորը բացէ՛ք երկայնքին, վարի մասը վերածեցէ՛ք բարակ շերտերու՝ մօրուքի նմանցնելու համար զայն: Ապա վրան տեղադրեցէ՛ք երկու ձիթապտուղ (որպէս կաղանդ պապուկի աչքեր) եւ փոքր ճակընդեղ մը (որպէս քիթ): Գլխուն վերեւի բաժինին աւելցուցէ՛ք խմորի երկու շերտեր եւ յատուկ ներկով կարմիր ներկեցէ՛ք զանոնք (նկարին համաձայն): Գլխարկին վրայ կարելի է աւելցնել նաեւ երկրորդ փոքրիկ ճակընդեղը:
Եփեցէ՛ք զայն փուռին մէջ եւ  տեղաւորեցէ՛ք Կաղանդի սեղանին վրայ:
Բարի Ախորժակ