ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի կազմակերպումով` Երեւանի եւ Գորիսի մէջ պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողով:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցին Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտաւօրապէս 50 ներկայացուցիչներ:

Խորհրդաժողովի օրակարգը  կ’ընդգրկէ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքի բոլոր ոլորտները` ստեղծուած իրավիճակի մէջ Արցախի հիմնախնդիրի հայանպաստ լուծումին  հասնելու ուղղութիւններէն մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ատրպէյճանի հակահայ գործունէութեան հակազդեցութիւն եւ այլն: Պիտի քննարկուին նախորդ շրջանի աշխատանքները եւ յառաջիկայ ընելիքները: Ըստ անհրաժեշտութեան` պիտի կատարուին մարտավարական ճշգրտումներ:

29 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը: 30 Նոյեմբերին խորհրդաժողովն իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Գորիսի մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
26 Նոյեմբերի 2021