Ո՞ՒՐ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ԹՈՂՈՒԼ ՔԵՍԱՊԻ ՏԱՔՈՒԿ ԱՐԵՒԸ
Սեպտեմբեր ամսուան կիսուն, առաւօտ կանուխ ժամը վեցին անկողինէս վեր կը ցատկեմ, ու ինչպէս ամէն առաւօտ, առաջին հերթին ննջասենեակիս պատուհանէն դուրս կը նայիմ: Դուրսը դեռ մութ է. Այնպէս ինչպէս ես կը սկսիմ պատրաստուիլ տունէն պարտէզ մեկնելու, արեւն ալ կը պատրաստուի մեր տան դիմացի բլուրին ետեւէն դուրս գալու:
-Ա՜խ, երանի հետս ըլլայիք ու հրաշալի այս արեւածագին գեղեցկութիւնը վայելէինք:
Հայեացքս կþուղղեմ դէպի երկինք: Ամպերը ցանցառ գիծեր կազմած դէպի արեւ կը խոյան կարծէք՝ առանց երկնքի կապոյտը ծածկելու: Այդ ցանցառ գիծերը կարծէք մարգագետնի մը վրայ արածուող ոչխարներ ըլլային: Արեւը հորիզոնէն դուրս դեռ չէ ելած, սակայն իր ճիգէն սողոսկած ճառագայթները երկնքի ամպերը մուգ նարնջագոյն ներկած են: Ամպերուն նարնջագոյն երանգը քանի մը վայրկեան կը դիմանայ միայն ու ճերմակը կրկին իշխող կը դառնայ: Մինչ այդ ամպերը հետզհետէ կը նօսրանան ու կը չքանան: Պատկերը աստուածային է:
Մինչ ես սուրճս ումպ առ ումպ կուլ կու տամ եւ կþապրիմ բնութեան հրաշալի գեղեցկութիւնը, արեւը քիչ մըն ալ կը բարձրանայ, այս անգամ հուրը ձգելով բլուրին ետին: Մութը չքացած է արդէն, բլուրին կարմիր հուրը՝ մեղմացած, իսկ արեւը իր հմայքը տարածած ու նարնջագոյն ներկած ողջ տարածութիւնը:
Մինչ ձեռքերս միացուցած, բարի օրուան խնդրանքով «Առաւօտ Լուսոյ» աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած ու անոր օրհնութիւնը կը խնդրեմ այդ օրուան գործերուս համար, արեւը հետզհետէ գլուխը դուրս կþերկարէ, ու այս անգամ իր դեղին ճակատը ցոյց կու տայ:
Քիչ անց ան աւելի կը բարձրանայ, կայուն դիրքով մը կը հաստատուի երկնակամարին վրայ ու իր շողերով լոյս ու ջերմութիւն կը սփռէ ամէնուրեք:
Տանս դուռը բացի ու բարձր տրամադրութեամբ դէպի պարտէզ կþուղղուիմ՝ օրերէ ի վեր բերքահաւաքի սկսած աշխատանքս շարունակելու: Ու առաւօտեան այս գեղեցիկ պատկերէն ներշնչուած կը խորհիմ.
– Չէ՜, զիս մի՛ համոզէք, որ Քեսապի տանս բլուրին ետեւէն դուրս եկող այս գեղեցիկ արեւը նոյն արեւն է, որ ողջ աշխարհը կը լուսաւորէ ու տաքուկ օրեր կը պարգեւէ բոլորին: Ո՛չ, իմ գիւղին արեւը տարբեր է: Ուրեմն ինչպէ՞ս կրնամ Քեսապն ու այս քաղցր արեւն ու առաւօտը լքելով Քանատա գաղթել, պարզապէս մեր հարազատներուն ու ընկերներուն կարեւոր մէկ տոկոսին հետեւելու եւ անոր միանալու համար: Չէ՛, չեմ կրնար գաղթել: Ես ինչպէ՞ս լքեմ Քեսապի այս տաքուկ արեւը, որո՞ւ թողում ա՛յս արեւը ու ինչպէ՞ս գաղթեմ դէպի այդ ցուրտ երկիրը…:
Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեան