«Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի  ունեցած է «Հայաստան` Մէկ Տարի Անց…» խորագիրով մեծ համաժողով` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչումին Ծերկաոյտին բանաձեւին միամեակին:

Համաժողովը տեղի  ունեցած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի եւ Ֆրանսայի Հայաստանի դեսպանութեան միատեղ նախաձեռնութեամբ` Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի բարձր հովանաւորութեամբ: Վերջինիս հրաւէրով համաժողովին մասնակցած եւ համաժողովի բացումին նախագահ Լարշէի հետ ելոյթով հանդէս  եկած է Հայաստանի ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան:

Համաժողովի ընթացքին Ծերակոյտի քաղաքական ղեկավարութենէն զատ, ելոյթներով հանդէս  եկած են նախորդ տարուան պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք Արցախ եւ Հայաստան այցելած ֆրանսացի հանրային գործիչներ, որոնց մէջ էին հանրայայտ ֆրանսացի գրող Սիլուեն Թեսոն, մեծ ճանաչում ունեցող փիլիսոփայ Միշէլ Օնֆրէն, «L’Œuvre d’Orient» կաթողիկէ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն, ազդեցիկ կաթողիկէ առաջնորդ Փասքալ Գոլնիշ եւ այլք:

Յատկանշական է, որ Ծերակոյտի նախագահի հովանիին տակ տեղի ունեցող այս համաժողովի ընթացքին Ծերակոյտի հրաւէրով ներածական ելոյթով հանդէս  եկած է նաեւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

Համաժողովը եզրափակուած է Ծերակոյտի «Հանրապետականներ» խմբակցութեան ղեկավար, Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերու խումբի նախագահ Պրունօ Ռըթայոյի եւ Ֆրանսայի Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տօլմաճեանի ելոյթներով: