27 Նոյեմբերին Արամ Մանուկեան Երիտասարդական կեդրոնին մէջ հանդիսաւոր կերպով յայտարարուեցաւ «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրով  իրականացուող ուսումնասիրութեան մրցոյթի արդիւնքները, եւ յաղթողներուն յանձնուեցան խոստացուած կրթաթոշակները:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի ARF Youth Office եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած Սիւնիքի հիմնահարցերու ուսումնասիրութեան նուիրուած մրցոյթին մասնակցած էին Հայաստանէն, Սուրիայէն, ԱՄՆ-ից եւ Իրանէն հայ ուսանողներ:

Մրցութային յանձնաժողովի կազմի կողմէն ընտրուած էին հետեւեալ երկու աշխատութիւնը.

Գագիկ Եկմալեան (Հայաստան) ` «Սիւնիքի Աշխարհաքաղաքական Տեղն ու Դերը Պանթուրանական Ծրագիրի Իրագործումը Կասեցնելու Գործընթացին մէջ» խորագիրով: Գագիկը ԵՊՀ Միջազգային Յարաբերութիւններ Ուսումնարանի, Միջազգային Յարաբերութիւններ բաժինի 4-րդ տարուան ուսանող է:

Շողակաթ Դեւրիկեան (Հայաստան)` «Սիւնիքի Պատմութիւնը եւ Նկարները Մխիթարեաններու 18-19րդ Դարերու Հրատարակութիւններուն մէջ» խորագիրով: Շողակաթը ԵՊՀ Պատմութեան Հիմնարկի, Հայ Արուեստի Պատմութեան եւ Տեսութեան ամպիոնի մագիստրոս է:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ներկայացուցիչ Հայկազ Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ յայտնեց Սիւնիքի կարեւորութիւնը աշխարհաքաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ, աւելցնելով, որ նման նախաձեռնութիւնները միտուած են երիտասարդութեան շրջանին մէջ մեծցնելու հետաքրքրութիւնը Սիւնիքի, եւ անոր շուրջ ծառացող հարցերու նկատմամբ, հաւաստելով, որ շարունակական բնոյթ պիտի կրեն:

Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ մրցութային յանձնաժողովի կազմէն թրքագէտ Մելինէ Անումեան յատկապէս մատնանշելով, որ նման արհեստավարժ եւ գաղափարապէս հարուստ գիտական աշխատութիւնները էական նշանակութիւն ունին պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Արշակ Մեսրոպեան, ամփոփելով նախաձեռնութիւնը, ընդգծեց համազգային համախմբումի կարեւորութիւնը, որուն հիմքը պէտք է ըլլայ Սիւնիքին սպառնացող ժամանակակից մարտահրաւէրներն ու վտանգները դիմագրաւելու տեսլականը: