ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Երեւանի մէջ սկիզբ առած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեան յայտարարեց, որ ծանր էր Արցախեան երկրորդ պատերազմի ցաւը, որովհետեւ մենք հեռացանք անխոցելիութեան զգացումէն։ «Այս ապիկար իշխանութեան պատճառով այս պատերազմին թրքական եւ ատրպէյճանական միացեալ յարձակումներու, ճիհատիստ վարձկաններու մասնակցութեամբ ստեղծուեցաւ կացութիւն, որ ցնցեց ամբողջ հայ աշխարհը։ Բնական է, որ այս կացութեան մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ցանցը անմիջապէս հաւաքեց եւ քննեց, թէ այս պատերազմի ընթացքին եւ վերջը ինչ յատուկ մարտավարական ճշգրտումներ հարկաւոր են, որ յառաջ տանինք մեր աշխատանքը։ Թափը կանգ չառաւ», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։ Ան փաստեց, որ ամբողջ պատերազմի ընթացքին ՀՅԴ-ն տրամադրեց իր ամբողջ ներուժը այս պետութեան՝ ըլլայ մարդուժի իմաստով՝ պահեստազօրի, անձերու, կամաւորներու, որոնք մասնակցեցան պատերազմին, ըլլայ քարոզչական պայքարը աշխարհով մէկ, քաղաքական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ժողովրդային ցոյցերով ողողեց աշխարհի մայրաքաղաքները, որպէսզի հայութեան ձայնը հասնի աշխարհի խիղճին։ «Ճիշդ է, որ, վերջ ի վերջոյ, արդիւնքը մեզ բոլորս յուսալքեց, բայց այդ պատերազմի ընթացքին մենք կրցանք նաեւ ստեղծել այն համահայկական համախոհութիւնը, որուն հետեւանքով կրցանք 170 միլիոն տոլարի գումար հասցնել Արցախի օժանդակութեան», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը։ Ան յայտնեց, որ միշտ յայտարարած են, որ երբ գայ պահը, պիտի սկսին մեր դէմ առ դէմ խորհրդաժողովները, եւ ահա 2020_ի Փետրուարէն վերջ առաջին անգամն է, որ այսպիսի դէմ առ դէմ խորհրդաժողով պիտի կատարուի , միւսերը առցանց եղած են։ Խորհրդաժողովը պիտի շաունակուի Գորիսի, ապա Ստեփանակերտի մէջ, որպէսզի, ինչպէս Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, նաեւ Սիւնեաց աշխարհի ու Արցախի մէջ արտայայտեն իրենց նեցուկը, ցոյց տան, թէ նոյնքան վճռական են, ինչպէս անցեալին եւ յաւելեալ թափով պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։