ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Երեւանի մէջ սկիզբ առած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին պաշտօնական բացման արարողութեան ըսաւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու այս խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենայ մեր երկրի համար բախտորոշ ժամանակաշրջանին, երբ հայրենիքը կանգնած է ներքին ու արտաքին անվտանգութեան առնչուող լրջագոյն մարտահրաւէրներու դիմաց։ «Մենք կրկին հաւաքուած ենք՝ համակարգելու, համադրելու եւ նոր թափ տալու մեր աշխատանքներուն իրավիճակի մը մէջ, երբ մեր գործունէութեան առանցք հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան մեծ մասը կը գտնուի թշնամիին տիրապետութեան տակ։ Սակայն դժուար ժամանակներ են, որ լաւագոյնս ի յայտ կը բերեն իրական նուիրեալները, ազգային խաւը։ Այս առումով պէտք է հպարտութեամբ յայտնել, որ Հայ Դատի պատասխանատու ընկերները, իրենց ակռաներով սեղմելով ցաւն ու կսկիծը, համատարած յուսահատութեան պայմաններու մէջ քայլ անգամ չնահանջեցին հայութեան շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։ Ան դիտել տուաւ, որ մեր հայրենիքը, հետեւաբար եւ կուսակցութիւնը, կը դիմակայեն իրենց պատմութեան դժուար փուլերէն մէկը, բայց ոչ միակը։ Հարիւրամեակներու ընթացքին մեր ժողովուրդը ստիպուած է յաղթահարել նման իրավիճակներ, իսկ յաղթահարման բանալին եղած է ստեղծուած իրավիճակին ոչ համարժէք, աւելի ուժեղ եւ շատերու համար անհնար թուացող պատասխաններու մէջ։ Վերայառնումի իւրաքանչիւր փուլին դրուած է ոգիի բարձրացման, ազգային հպարտութեան, աշխարհի մէջ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի վաստակման ճիգը: 1915-ին Հայոց Ցեղասպանութենէն վերջ ունեցած ենք Առաջին Հանրապետութիւն, անկախութեան կորուստէն վերջ ունեցած ենք պայքար Լեռնահայաստանի համար, դիմադրութիւն Սիւնիքի մէջ։ 1960-ականներուն Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման շարժումը իր բոլոր դրսեւորումներով նոր կեանք եւ նոր թափ տուաւ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ պայքարը շարունակելուն։ Երկրաշարժէն վերջ ունեցանք Արցախեան ազատագրական պայքար, յաղթանակ, Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Ան նկատեց, որ հարիւրամեակները ապացուցած են, որ այս տարածաշրջանին մէջ հայ ժողովուրդը մշտապէս եղած է եւ պիտի ըլլայ գոյութենական պայքարի մէջ՝ մեր հայրենիքի այս փոքր հողակտորին, մեր անկախ պետականութեան պահպանման համար։ Հոս է, որ Դաշնակցութիւնը իր ողջ ներուժով ըսելիք ու ընելիք ունի։ Ան ըսաւ, որ այս օրերուն Հայաստանի մէջ այսպէս մտածող մարդոց կ’ըսեն «հայդատականներ», «ոչմիթիզականներ» կամ «փաթոսով հայրենասէրներ, իսկ որո՞նք կ’ըսեն, խումբ մը անհայրենիք, ապազգային տարրեր, որոնք մեր երկիրը դրին այս աղէտին առջեւ, որոնք ժողովրդավարութիւնը հակադրեցին անվտանգութեան, բարեկեցութիւնը եւ խաղաղութիւնը պայմանաւորեցին զիջումներով, որոնք հետեւողականօրէն կը թուլացնեն մեր ազգային դիմադրողականութիւնը: Հայաստանի մէջ ստեղծուած այս իրավիճակը, ըսաւ ան, ժողովուրդին կամքով եւ ազգային ուժերու առաջնորդութեամբ պէտք է փոխուի: Ան յայտնեց, որ նախ պէտք է վերականգնել երկրի մէջ սահմանադրականութիւնը, կազմակերպել երկրի սահմաններու պաշպանութիւնը: Մեկնելով նոր իրողութիւններէն՝ մշակել հայեցակարգ, իրականացնել համակարգային բարեփոխումներ՝ անվտանգութեան, տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ: Կրթական եւ մշակութային ոլորտներու մէջ իրականացնել խորքային բարեփոխումներ եւ անոնց հիմքը դնել հայրենասիրական եւ ազգային դաստիարակութիւնը։ «Մանրամասնօրէն կարելի է ներկայացնել այն ծրագիրները եւ քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են մեր երկրին մէջ ստեղծուած վիճակէն դուրս գալու համար, բայց որովհետեւ տակաւին կայ այս իշխանութիւնը՝ այդ ամէնը անարդիւնք է, հետեւաբար պէտք է ձեւաւորել դիմադրութիւն՝ դիմադրութիւն թշնամիին, որ մենք զիջելու հայրենիք չունինք, դիմադրութիւն հայրենիքը զիջումներու տանող օրուան իշխանաւորներուն, դիմադրութիւն հանրային կեանքի մէջ տեղի ունեցող ապօրինութիւններուն, իսկ երբ հասնինք համազգային եւ համաժողովրդական դիմադրութեան՝ թշնամին կը հեռանայ մեր տունէն, իսկ օրուան իշխանութիւնները իրենց աթոռներէն», հաստատեց Իշխան Սաղաթէլեան: