29 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ սկսաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը։ Պաշտօնական բացումէն վերջ Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն ժամանած մօտաւոր 50 ներկայացուցիչները պիտի այցելեն «Եռաբլուր» պանթէոն։ Խորհրդաժողովը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ Գորիսի մէջ, ապա՝ Արցախի Հանրապետութեան մէջ։ Խորհրդաժողովին իրենց ողջոյնի խօսքը յղեցին Հայ դատի գրասենեակներու օտարերկեայ բարեկամները` տարբեր երկիրներու խորհրդարանականներ, քաղաքական գործիչներ, որոնց կարգին.- Ատամ Շիֆ– Քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական խումբի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Կաստալթօ– Եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ Խորխէ Տայանա– Արժանթինի պաշտպանութեան նախարար Էլենի Թէոխարուս– Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոպական Խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար Պրայեան Մէյ– Քանատայի Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Քարլ Վանլաուէ– Պելճիքայի Դաշնային Ծերակոյտի պատգամաւոր Թիմ Լոթոն– Միացեալ Թագաւորութեան Համայքներու պալատի անդամ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Նիկիտաս Քակլամանիս– Յունաստանի Խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Ֆրանսուա Ալֆոնսի- Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Դանիէլ Ռատիօ-Ուրուկուէյի Արեւելեան կառավարութեան անդամ, Արցախ ֆորումի անդամ Լուքաս Ֆուրլաս -Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար Քէյս Վան Տեր Ստայէ– Հոլանտայի Խորհրդարանի պատգամաւոր Անտերս Օստերպէիր – Շուէտի Խորհրդարանի պատգամաւոր: