Պսակաձեւ ժահրի Ափրիկիան «Օմեքրոն» տարբերակին տարածման լոյսին տակ, Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, կոչ ուղղելով ժողովուրդին պսակաձեւ ժահրէն նախազգուշացման բոլոր միջոցները որդեգրելու, որովհետեւ «Օմեքրոն»-ը այնպիսի տարբերակ մըն է, որ ինքնին մեծ թիւով տարբերակներու կը բաժնուի, շեշտելով, որ տարբերակներուն մեծամասնութիւնը վտանգաւոր հետեւանքներ կ՚ունենայ։ Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններէ ետք, ի յայտ եկաւ, որ «Օմեքրոն» տարբերակը աւելի արագ կերպով կը տարածուի համեմատաբար պսակաձեւ ժահրի այլ տարբերակներուն։ Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Համաշխարհային Առողջապահութեան Կազմակերպութեան համաձայն, նոր տարբերակին դէմ պատուաստները տարալուծարաններու մէջ փորձերու կ՚ենթարկուին եւ յառաջիկայ շաբաթներուն արդիւնքները կը յայտարարուին։ Նախարարութիւնը շեշտեց քթակապ օգտագործելու, խճողուած վայրերէ եւ հաւաքոյթներէ խուսափելու, յաճախ ձեռքերը լուալու եւ հականեխելու անհրաժեշտութիւնը։ Նախարարութիւնը կոչ ուղղեց նաեւ 18 տարեկանէն վեր բոլոր քաղաքացիներուն անմիջապէս պատուաստ ստանալու, աւելցնելով, որ Սուրիոյ տարբեր նահանգներուն մէջ կը գտնուի 967 պատուաստի կեդրոն եւ հիւանդանոց, անոնց կողքին 200 շրջիկ խմբակ՝ յատուկ այն գիւղերուն եւ աւաններուն, որոնց մէջ բժշկական կեդրոններ չկան։