Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժեր ձեռնառումբ նետած են Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Ճարապլոս քաղաքին «Հալուանճի» գիւղին վրայ, որուն հետեւանքով երկու երեխայ զոհուած է։ Աղբիւրը աւելցուց, որ Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, թրքական ուժեր ականապատուած ինքնաշարժ մը պայթեցուցած են Հալէպի արուարձան Մունպուճ քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով երկու կին եւ երկու երեխայ զոհուած են։