«Երկիր».-ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի կազմակերպմամբ` 29 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցած են Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն մօտաւօրապէս 50 ներկայացուցիչ: 30 Նոյեմբերին խորհրդաժողովը իր աշխատանքները կը շարունակէ Գորիսի մէջ:
Խորհրդաժողովին իրենց ողջոյնի խօսքը յղած են Հայ Դատի գրասենեակներու օտարերկեայ բարեկամները` տարբեր երկիրներու խորհրդականներ, քաղաքական գործիչներ, որոնց մէջ էին`
Ադամ Շիֆ- Քոնկրէսական,
Քոնկրէսի հայկական խումբի փոխնախագահ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ-եւրոպական Խորհրդարանի փոխնախագահ
Խորխէ Տայանա-Արժանթինի պաշտպանութեան նախարար
Էլենի Թէոխարուս- Կիպրոսի Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոապական Խորհրդարանի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար
Բրայեան Մէյ-Քանատայի Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Քարլ Վանլաուէ-Պելճիքայի Դաշնային Ծերակոյտի պատգամաւոր
Թիմ Լոթոն-Միացեալ Թագաւորութեան Համայքներու պալատի անդամ, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Նիքիթաս Քաքլամանիս- Յունաստանի Խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ
Ֆրանսուա Ալֆոնսի- Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր
Դանիէլ Ռաթիո-Ուրուկուէյի Արեւելեան կառավարութեան անդամ, Արցախ ֆորումի անդամ
Լուքաս Ֆուրլաս -Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր, Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար
Քեյս Վան Տեր Սթաէ- Հոլանտայի Խորհրդարանի պատգամաւոր
Անտէրս Օսթերբէիր – Շուէտի Խորհրդարանի պատգամաւոր