29 Նոյեմբերին Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ առաջին անգամ քննարկումի դրուած է  բանաձեւ, որ ուղղակիօրէն կոչ կ’ուղղէ կառավարութեան` ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած հայերու, ասորիներու ու յոյներու ցեղասպանութիւնները: Այս մասին յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբը:

Պատգամաւոր Թրենթ Զիմերմանի յառաջ բերած բանաձեւը կը յորդորէ Աւստրալիոյ կառավարութեան` հաւատարիմ մնալու 1948-ի` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ դատապարտման համաձայնութեան` ճանչնալով «Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915-1923 թուականներու ընթացքին հայերու, յոյներու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը»:

Աւստրալիոյ խորհրդարանի ամենաներկայացուցչական պալատը կոչ ուղղած է Դաշնային կառավարութեան ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները:

Համապարփակ արդիւնքը Աւստրալիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատի կամքի արտայայտութիւնն է եւ աւստրալական կառավարութեան վրայ ճնշում գործադրելը, ինչպէս նաեւ հարուածը Թուրքիոյ` մարդու իրաւունքներու այս կարեւոր հարցին մէջ Քանպերային լռեցնելու փորձերը:

Սա կը ներկայացնէ միատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութեան առաջին օրէնսդրական յաջողութիւնը, որ ձեւաւորուած է Փետրուար 2020-ին հայ-աւստրալական, ասորա-աւստրալական եւ յունա-աւստրալական համայնքներու կողմէն` այս արդիւնքը խթանելու նպատակով:

«Ներկայացուցիչներու պալատը խօսած է. Աւստրալիոյ խորհրդարանի ամենամեծ եւ ամենաներկայացուցչական օրէնսդիր պալատը միաձայն կոչ ուղղած է Աւստրալիոյ կառավարութեան ճանչնալու հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները», ըսաւ Դաշնակցութեան Հայ Դատի Աւստրալիոյ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեան:

Եթէ ելոյթ ունեցողներուն մեծ մասը կողմ հանդէս գայ բանաձեւին, ապա Ներկայացուցիչներու պալատը կոչ կ’ուղղէ կառավարութեան` կեանքի կոչելու ժողովուրդի կամքն ու ճանչնալու հայերու, ասորիներու ու յոյներու ցեղասպանութիւնները: