ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովի մասնակիցները «Եռաբլուր» պանթէոնին մէջ  յարգանքի տուրք մատուցեցին նահատակուած հայորդիներու յիշատակին:

Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն ժամանած մօտաւօրապէս 50 ներկայացուցիչները «Եռաբլուր» պանթէոնէն պիտի մեկնին Գորիս` շարունակելու խորհրդաժողովի աշխատանքները: