Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Գորիսի նստավայրը 29 Նոյեմբերին քաղաքացիները բողոքի ցոյց կազմակերպած են` յաջակցութիւն Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանին:

Նշենք, որ այս պահուն կ’ընթանայ Առուշ Առուշանեանի գործով դատական նիստը, որ մտած է դատաքննութեան փուլ:

Երեւանի մէջ ընթացող ցոյցի մասնակիցներու ձեռքին կային պաստառներ. «Դիմադրեցէք, դատաւորներ՛, մի՛ վախնաք», «Վերջ զանգովի արդարադատութեան», «Ազատութիւն քաղաքական բանտրակեալներուն» գրութիւններով:

Ցոյցի մասնակիցները յայտարարեցին, որ որեւէ իրաւական հիմք չկայ Առուշ Առուշանեանը կալանաւորելու, որ տեղի ունեցած է բացառապէս քաղաքական նպատակներով: