Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, «Ճամահիր» թերթը հաղորդեց, որ Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ Մահմուտ Ապտուլ Ուահապ Շաուա, Հալէպի նահանգապետարանի Նահատակներու հարցերու տնօրէնութեան հետ գործակցաբար հանդիսութիւն մը կազմակերպեց «Ասատ» մարզասրահէն ներս, հրաւիրելով 1000 սուրիացի նահատակներու ընտանիքներ։ Գնդապետ Շաուա սուրիական բանակի հրամանատարութեան անունով ըսաւ. «Նման հանդիսութիւն Հալէպի մէջ կազմակերպելը մեծ նշանակութիւն ունի։ Հալէպի ժողովուրդը պայքարի եւ հաւատարմութեան լաւագոյն օրինակն է։ Մեր նահատակները գալիք սերունդներուն վառ փարոսը դարձան»։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը բարձր կը գնահատէ նահատակներուն զոհողութիւնը եւ երկրին հանդէպ իրենց տածած հաւատարմութիւնը։ Ան ողջունեց նահատակներուն ընտանիքները, որոնք սրտցաւ կորուստ ունենալով մէկտեղ մնացին կայուն եւ իրենց կեցուածքով ու աշխատանքով կը շարունակեն իրենց զաւակներուն, ամուսիններուն եւ ծնողներուն պայքարի ճամբան։ Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Ձեռնարկը եզրափակուեցաւ նահատակներու ընտանիքներուն «հաւատարմութեան» շքանշանով պարգեւատրումով։ Յիշենք, որ ներկայ 1000 ընտանիքներուն մէջ էին սուրիահայ երեք նահատակներու՝ Գրիգոր Աշնաքլեանի, Յարութ Պաղտոյեանի եւ Ռաֆֆի Գազէզեանի ընտանիքները։