ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը իր տուած վերջին հարցազրոյցին ընթացքին նկարագրելով Հայաստանի քաղաքական դաշտի հիմնական տարրերը` «Հայաստան» դաշինքն ու բնականաբար այդ դաշինքի երիտասարդ աւիւնը ` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բնութագրած է որպէս արմատական ընդդիմութիւն:

Տեղին է բնորոշումը երկրի մը մէջ, որուն քաղաքական երանգապնակին մէջ ընդհանրապէս քիչ են այն ուժերը , որոնք սկզբունքի համար պայքարած են կամ գաղափարական պայքարի կը հաւատան:

Գաղտնիք ալ չէ, որ այդ ուժերուն գլխաւորը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է, որուն հանդէպ ալ քննադատութեան ալիքները (բոլոր պայմաններուն տակ) միշտ եղած են առատ եւ յորձանուտային:

Շատեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր տոկոսին կողմէ ՀՅԴ-ին հանդէպ առկայ քննադատութիւնները կը համարեն անցեալէն եկած «աւանդ», որ հակառակ Խորհրդային Միութեան փլուզումին` չպակսեցաւ, այլ միայն ձեւափոխուեցաւ:

Կայ նաեւ անշուշտ հայրենի հասարակութեան դարձեալ կարեւոր մէկ տոկոսին «ամենագէտ» ըլլալու փաստը, որուն վերջին «աքորտներ»-ուն մէջ անուրանալիօրէն մեր դիմաց երեւելի կը դառնայ, որ` «Դաշնակցութիւնը երկիր է ծախած եւ նոյնիսկ թուրքերի հետ է գործակցած…»:

Այս շարահիւսութիւնը ընդգծեցի հասնելու համար մեր այսօրուան պատկերին, ու այդ առումով ալ անընդունելի է ականատեսի վկայութիւնս մէկդի դնել:

Դաշնակցութեան ընդդիմախօսները շատ լաւ կ՛ընկալեն (ու հաւանաբար այդ մէկը անխօս կերպով ալ մարսած են), որ ՀՅԴ-ն իր 131 տարուան զինանոցով ու անցեալով բնութագիրը տուած է իր գաղափարական ընկալումին:

Այդ ընկալումը անշուշտ գործն է:

Գործն է, որ կը մաքրէ գետինը, գործն է, որ կը վանէ ճղճիմ փոքրոգութիւնները, գործն է դարձեալ, որ ի մի կը բերէ գաղափարական տարբեր մակարդակի վրիպումներու մէջ եղող նուիրեալ տղաքն ու աղջիկները:

Այդ գործին ամենավառ ապացոյցը արցախեան վերջին պատերազմի ժամանակ Դաշնակցութեան ցոյց տուած նուիրական կեցուածքն էր, որ թողած ամէն մակարդակի տարակարծութիւն` դարձեալ հրապարակ ելաւ եւ իր ամենաարժանաւոր տղաները ղրկեց ռազմաճակատ:

Պատերազմէն ժամանակ մը անց քիչ չեղան այն սոփեստիկները, որոնք ոչ միայն կասկածի տակ առին ՀՅԴ-ի քայլերը, այլ նաեւ նշդրակ  դարձուցին այն, որ Դաշնակցութիւնը իր նահատակները կը զատորոշէ միւս նահատակներէն ու այդպիսով ալ քաղաքական օրակարգ կը ձեւաւորէ:

Պիտի ըլլային այդ տիպի մեկնաբանութիւններ, շատ պարզ է, սակայն բուն խնդիրը այդ չէր:

Խնդիրը այլ տեղ կը գտնուէր, որովհետեւ իր ծննդոցէն ալ եւ մինչեւ մեր այս օրերը Դաշնակցութիւնը իր ողջ ներուժով, իր նուիրեալներով ու նաեւ տարբեր տեսակի համակարգերով մտաւ մեր ժողովուրդը մտատանջող ամենաթէժ օրակարգին մէջ, գրկեց այդ օրակարգը եւ կատարեց լաւագոյնը` յանուն տուեալ օրակարգի լուծման:

Ճամբայ բացաւ անձնուրացներուն, ճամբայ եղաւ նուիրեալներուն ու ատով ալ աւելի պայծառացաւ, աւելի մաքրուեցաւ եւ աւելիով ալ դարձաւ գործի կուսակցութիւն:

Այս բոլորը գրեցի պարզապէս ամրագրելու այն փաստը, որ 1890-ականներէն Արեւմտեան Հայաստանի ապստամբութիւնները կազմակերպելու համար հրապարակ իջած Դաշնակցութիւնը նոյն այն Դաշնակցութիւնն է, որ տարի մը առաջ ստորագրուած եւ բազմանշականօրէն ամօթալի «համաձայնութեան» (աւելի ճիշդ է այն կոչել համաձայնութեան եւ ոչ համաձայնագիր, քանզի եղաւ բոլովորովին ծածուկ եւ մութ պայմաններու տակ) առաջին օրէն իսկ եղաւ ընդդիմադիր գլխաւոր ուժը` փաստելով դարձեալ , որ ինք միշտ ալ գործի կուսակցութիւն է:

Խայտառակ ժամանակներու, խայտառակ եւ չտես «ղեկավարիկ»-ներու, խայտառակ ու տգէտ իշխանութիւններու դէմ իր տարած պայքարին մէջ Դաշնակցութիւնը ուղի չփոխեց:

Մնաց հաւատացողը իր սկզբունքներուն, մնաց իրական ու անկեղծ բարձրախօսը ազգի այն հատուածին, որ շատ լաւ գիտէ 44-օրեայ պատերազմի ողջ եղելութիւնը, շատ լաւ գիտէ թոյլ տրուած մեծ սխալներուն իրական արմատն ու նաեւ շատ լաւ գիտէ, որ այսօր գործող իշխանութիւնը բոլոր առումներով ալ հակահայ մտածելակերպի եւ հակահայաստան մօտեցումներու կրողն է ու մեր մեծ անկումներու հիմնական պատասխանատուն:

Անշուշտ դարձեալ այս մէկ տարուան ընթացքին, երբ սուիններով եւ թունապատ խօսքերով Դաշնակցութեան դէմ թղթէ սուրեր ճօճուեցան, այն անմիտ մօտեցումով, որ «պետութիւնը պիտի յարգես մինչեւ վերջ», կամ թէ` «եղածն արդէն 30 տարուան բացթողումներու հետեւանքն է», շատ-շատեր անտեսեցին այն իրական փաստը, որ մեր օրհասի ամենածանր վիճակներուն դիմաց, Դաշնակցութիւնը մնաց հաւատարիմ իր հայրենանուէր մօտեցումներուն ու իր ունեցած բոլոր կարելի միջոցները տրամադրեց Հայաստանի պետութեան ու բանակին:

Այլ կերպ չէր կրնար ընել այս կուսակցութիւնը, որովհետեւ այլապէս ալ պիտի դաւաճանէր այն սկզբունքներուն, որուն համար ալ հրապարակ եկած էր, եւ որուն համար ալ` զինուորագրուած:

Վերադառնալով այսօրուան իրավիճակին ու փաստագրելով մեր երկրին մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնը` հարկ է անգամ մըն ալ յիշեցնել, որ Դաշնակցութեան որդեգրած պայքարի հոլովոյթն ու նաեւ ազգային ընկալումներուն հանդէպ անզիջող, մեր հողային ամբողջականութեան պահպանութեան գործին հանդէպ անսակարկ ու մանաւանդ այս իշխանութիւնը օր առաջ տուն ղրկելու առաքելութեան դիմաց տեղի չտուող ըլլալու բոլոր մակարդակի մեկնակէտները կը միանան երկու բառերու մէջ` դիմադրութիւն եւ արմատականութիւն:

Ի հարկէ Դաշնակցութեան արմատական կուսակցութիւն ըլլալու մասին կարելի է այլ առթիւ աւելի երկար գրել, բայց եւ այնպէս դիմադրութեան, Հայ դատի սկզբունքներուն ու մանաւանդ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար դիմադրող ըլլալու մօտեցումները Դաշնակցութիւնը վաստակած է շատ վաղուց:

Վաստակած է գործով, վաստակած է իր հազարաւոր նահատակներով ու վաստակած է քաղաքական օրակարգերը սկզբունքներուն գերակայ չդարձնելու հին, բայց վերանորոգուող ունակութեամբ:

Ու այդ վաստակածի ու տանտէրի իրաւունքով է, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը:

Պայքարը, որուն մէջ կայ գործի մաքրութիւն եւ պայքար, որուն պիտի միանան մեր ժողովուրդի բոլոր դժգոհ տարրերը, որոնք շատ լաւ գիտեն, որ այսօր կայ մէկ ու միակ ելք, եւ այդ ելքը այսօրուան իշխանութիւններուն, ու աւելին ըսեմ, այս իշխանութիւնները աթոռին հասցնողները քաղաքական դաշտէն դուրս շպրտելն է:

Այլ ճանապարհ չկայ եւ այդ ճանապարհը պիտի ըլլայ արմատականութեամբ ու դիմադրութեամբ:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ