«Երկիր».-10 Նոյեմբեր 2020-էն  ի վեր Ատրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ականի պայթումի հետեւանքով սպանուած է 24, վիրաւորուած` 49 քաղաքացի. յայտնած է Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութիւնը (ANAMA):

Նշուած է, որ 10 Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր աւելի քան 180 ատրպէյճանցի զինուորական եւ քաղաքացի մահացած  են Արցախի բռնագրաւուած հողերուն վրայ: