Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, սուրիական «Սամա» պատկերասփիւռային կայանը հարցազրոյց ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ Մըքտատի հետ։
Նախարար Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիա տագնապի լուծման սեմին կը գտնուի, թէեւ տարաբնոյթ հարցերու վերջնական լուծումները ժամանակի կը կարօտին, սակայն առաջին քայլերը երեւելի դարձած են արդէն:
«Կարելի է ըսել, որ արաբական երկիրներու մեծամասնութիւնը սկսաւ համոզուիլ, որ Դամասկոս տարածաշրջանին մէջ քաղաքական, ընկերային եւ աշխարհագրական առումներով կարեւոր դիրք կը գրաւէ։ Վերջերս կարգ մը արաբական երկիրներ հանդիպումներ ունեցան Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները վերականգնելու նպատակով եւ դրական արդիւնքներու յանգեցան», շեշտեց Մըքտատ։ Ապա աւելցնելով ըսաւ. «Ներկայիս, Սուրիոյ նկատմամբ միջազգային մակարդակով բարեփոխում կը շօշափենք։ Արտաքին գործոց նախարարներն ու քաղաքական այն գործիչները, որոնց հետ վերջերս հանդիպումներ ունեցայ, շեշտեցին Սուրիոյ կարեւոր դերակատարութիւնը տարածաշրջանին մէջ եւ փափաք յայտնեցին, որ Սուրիա վերականգնէ իր նախկին դիրքը»։