Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձը ողջունող արաբական երկիրներու թիւը օրըստօրէ աճ կ’արձանագրէ:
Սուրիոյ այս դերին վերականգնումը կախեալ է թէ՛ Սուրիոյ ներքին վիճակի կայունացումէն, թէ՛ տարածաշրջանային ուժերու Սուրիոյ հետ բնականոն յարաբերութեան վերականգնումէն:
Սուրիական պատերազմի առաջին օրերուն իսկ՝ 2011-ին, կասեցուեցաւ Սուրիոյ անդամակցութիւնը Արաբական լիկային, արաբական կարգ մը երկիրներու արտաքին ուժերէ կրած ազդեցութեան հետեւանքով: Պատերազմը համարեա՛ թօթափելէ ու իր ապահովութիւնն ու տնտեսական կայունութիւնը աստիճանաբար վերագտնելէ ետք, սակայն, Սուրիան 10 տարի հեռու մնալով մէկտեղ փաստեց, որ իր վարած հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, արտաքին ուժերու, ահաբեկիչներու, յատկապէս Թուրքիոյ, իր հողերէն դուրս գալու առաջնային պայմանը, կը բխին ե՛ւ իր, ե՛ւ արաբական երկիրներու հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու շահերէն: Ուստի Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադառնալու թղթածրարը արաբական երկիրներու մեծ մասին հիմնական օրակարգը դարձաւ:
Արաբական լիկան տարածաշրջանային արաբական կազմակերպութիւն է, հետեւաբար այնտեղ հարկ է միասնական աշխատանքի ուղղութեան շեշտադրումը: Այդ միասնութիւնն է, որ հեռու պիտի պահէ արտաքին ուժերու միջամտութիւնը: Ցաւօք, Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, արաբական շարք մը երկիրներ բացակայ էին Սուրիոյ տագնապի դիմագրաւման իրենց արաբական զօրակցական կեցուածքներով, երբեմն նոյնիսկ իրենց լռութեամբ ենթահող ստեղծելով արտաքին ուժերու միջամտութեան:
Մինչդեռ այս կազմակերպութիւնը հարկ էր, որ շնչէր արաբական միասնութեան ոգիով, նոյնիսկ եթէ կարգ մը կողմերու միջեւ տարակարծութիւններ հնչէին:
Արաբական հարցերու մէջ առաջնորդող, ազգային դերակատարութիւն ունեցող Սուրիոյ ներկայութիւնը կարեւոր կը համարուի, որպէսզի տարբեր հարցերու գծով արաբական միասնական դիրքորոշում արտայայտելու ուժն ու կամքը վերստեղծուին եւ այդ երկիրներուն մօտեցումները ըլլան առարկայական, հիմնուած համա-արաբական տարածաշրջանային փոխադարձ շահերու վրայ:
Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան կանգուն մնալը վերահաստատեց անոր կարեւոր դերը տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն մէջ: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք, արաբական շարք մը երկիրներու Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նորագոյն ջաքերը կը նախագծեն Սուրիոյ Արաբական լիկա վերադարձի մօտալուտ ըլլալն ու տարածաշրջանային իր դերին վերականգնումը:
Տարածաշրջանային ուժերու, յատկապէս Թուրքիոյ, միջամտութիւնները արաբական երկիրներու մէջ նուազեցնելու համար կարեւոր է արաբական միացեալ ճակատի ամրապնդումը, միւս կողմէ համա-արաբական տնտեսական կարելիութիւններու ամրագրման ու տնտեսական գործակցութեան նոր ուղիներ որոնելու համար Սուրիան կը մնայ կարեւոր օղակ:
Անցնող տարիները փաստեցին, որ արաբական երկիրներ սխալ գործեցին քայքայելով իրենց միասնութիւնը, առիթ տալով յատկապէս թուրք-իսրայէլեան միջամտութիւններուն՝ արաբական լիկան քայքայելու եւ արաբական երկիրներու մէջ տարածաշրջանային ուժերու ներգործութիւնը բազմապատկելու:
Յառաջիկայ օրերը պիտի փաստեն, որ արաբական երկիրներու խորհրդակցութեան վերջին ամիսներու ջանքերը որքանով պտղաբեր պիտի ըլլան եւ դրական անդրադարձ ունենան տուեալ երկիրներու ներքին կայունացման եւ համա-արաբական տնտեսութեան բարելաւման վրայ: