Ուրբաթ, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւեց աւելի քան երեք ժամ: Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ երեք երկիրներու ղեկավարներու մամլոյ ասուլիսը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ Փաշինեանի, Ալիեւի եւ իր միջեւ գոյացած են համաձայնութիւններ, որոնց մասին պիտի յայտարարեն երեք երկիրներու փոխվարչապետները՝ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք իրենց հանդիպումին:
«Մենք շատ մանրամասն խօսեցանք փոխադրական կապերու, նախ եւ առաջ՝ երկաթուղային եւ մայրուղիներու ապաշրջափակման մասին», մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Փութին՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները կայացան կառուցողական մթնոլորտի մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ անկեղծ ու շատ մանրազնին քննարկում կատարուեցաւ «հաղորդակցութեան երակներու ապաշրջափակման շուրջ»: «Մենք բացէ ի բաց քննարկեցինք մեր ծրագիրները, քննարկեցինք երկու կողմերուն մօտ անհանգստութիւն պատճառող հարցերը: Կարեւորը այն է, որ մեր տուած որոշումները պիտի նպաստեն, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դառնայ աւելի անվտանգ», յայտնեց Ալիեւ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին արդիւնքներուն գծով: «Մենք քննարկեցինք օրակարգի բոլոր հարցերը: Ասիկա հանդիպում էր ոչ թէ հարցերը թաքցնելու, այլ՝ զանոնք բաց քննարկելու համար: Շատ դրական է, որ շարք մը հարցերու շուրջ յստակացուցինք դիրքորոշումները, եւ պարզուեցաւ, որ որոշ հարցերու շուրջ չկան թիւրիմացութիւններ, ինչպէս կը թուէր մինչ այդ», ըսաւ Փաշինեան:
Բացի ատկէ, կողմերը, ըստ Ռուսիոյ նախագահին, համաձայնեցան նաեւ մինչեւ այս տարուան աւարտը գործիքակազմեր ստեղծել՝ հայ-ատըրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համար: «Յոյս ունիմ, որ ատիկա տեղի կ’ունենայ կարելի եղածին չափ արագ», նշեց Փութին՝ դիտել տալով, որ կողմերը յաջողեցան նաեւ յառաջընթաց արձանագրել մարդասիրական հարցերու լուծման մէջ:
Փութին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային կարելի պիտի ըլլայ տալ որոշումներ՝ փոխադրութեան միջոցներու ապաշրջափակման վերաբերեալ: «Հիմքեր կան ենթադրելու, որ մօտիկ ապագային մենք պիտի կարենանք ո՛չ միայն հաստատել ապաշրջափակումով զբաղող համապատասխան խումբի աշխատանքը, այլ նաեւ տալ բոլորին համար անհրաժեշտ որոշումներ», նշեց Փութին՝ աւելցնելով, որ ընդհանուր ջանքերուն նպատակն է պայմաններ ստեղծել՝ շրջանի վերածնման համար, որպէսզի մարդիկ ապահով զգան եւ կարենան բնական գործունէութեամբ զբաղիլ եւ տնտեսութիւնը զարգացնել:
Ռուսիոյ նախագահը ափսոսանք յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տակաւին դէպքեր կը պատահին, եւ մարդիկ կը զոհուին՝ շեշտելով, որ պէտք է քննարկուի կատարուածն ու կատարուելիքը, որպէսզի կարելի ըլլայ նման դէպքերու առաջքը առնել: Անդրադառնալով խաղաղութեան հոլովոյթին՝ ան գնահատանքով խօսեցաւ շրջանին մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու առաքելութեան մասին:
Փութին ողջունեց Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ 15 Դեկտեմբերին Պրիւքսելի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին միտումը՝ նշելով, թէ որքան շատ ըլլան ուղղակի հանդիպումները, այդքան՝ լաւ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դիտել տուաւ, որ հակառակ 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարէն ետք տեղակայուած ռուս խաղաղապահներուն եւ Ռուսիոյ ջանքերուն, իրավիճակը այնքան կայուն չէ, որքան փափաքելի է: Ան յիշեցուց, որ այդ թուականէն ետք երկու կողմերէն տասնեակ զոհեր արձանագրուած են, դէպքեր պատահած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, իսկ 12 Մայիս 2021-էն ետք ճգնաժամային իրավիճակ է հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանական զօրքերու ներխուժումէն ետք:
Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, թէ համաձայն չէ Ատրպէյճանի նախագահի այն ձեւակերպումին, որ 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմանի յայտարարութեան բոլոր կէտերը, բացառութեամբ շրջանի ապաշրջափակումին, կատարուած են:
Դիմելով Ռուսիոյ նախագահին՝ Փաշինեան յիշեցուց, որ իրենք անձնական հանդիպումներու եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին բազմիցս քննարկած են Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու խնդիրը: Վարչապետը շեշտեց, որ ատիկա շատ կարեւոր մարդասիրական հարց է:
Ատրպէյճանի նախագահը եւս անդրադարձաւ Ռուսիոյ նախագահին եւ ռուս խաղաղապահներուն դերակատարութեան՝ ըսելով. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն ի վեր անոնց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ լուրջ առճակատում եւ զինուած ընդհարումներ չեն եղած, տեղի ունեցած են առանձին դէպքեր, որոնք կարելի չէ համակարգային ճգնաժամ որակել»:
Ալիեւ պնդեց, որ Պաքուն այժմ հայկական կողմին մօտ համագործակցութեան ուղղուած դրական միտումներ կը նկատէ: