ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 26 Նոյեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակի յիշատակումը, ՍՕ Խաչի «Կարպուշեան» սրահէն ներս։ Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան կազմը։ Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգով, Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի փողերախումբին կատարողութեամբ, ապա տեղի ունեցաւ բացումը՝ Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի Վարչութեան կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուեցան ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ Մասնաճիւղի մարզական եւ սկաուտական կեանքը ներկայացնող լուսանկարներ, տարազներ, գրքոյկներ, իրեր եւ սկաուտական զանազան կապերով պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ։ Ցուցահանդէսի բացման արարողութեան յաջորդեց 95-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Սագօ Քէչէճեան, որ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի, յատկապէս Լաթաքիոյ Մասնաճիւղին տարած մարդակերտումի եւ հայակերտումի առաքելութեան, միշտ ուղեցոյց ունենալով ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացի՛ր – Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը։ Հանդիսութեան բացման պատկերը ներկայացուցին հայկական եռագոյն տարազներով հանդէս եկող երեք քոյրեր, որոնք իրենց հեզաճկուն պարով հայուհիի տիպարը ներկայացուցին։ Գեղարուեստական յայտագիրով քոյր Դուին Նազարեան եւ քոյր Մալվին Քէօշկէրեան տպաւորիչ առոգանութեամբ ասմունքեցին ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը, իսկ եղբ. Եղիա Քիլէճեան հայրենաշունչ երգերով խանդավառեց ներկաները։ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 103-ամեակը եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ այս առիթով ան շնորհաւորեց մասնաճիւղի ՀՄԸՄ-ականները եւ գնահատեց անոնց ծաղկուն գործունէութիւնը: Յետադարձ ակնարկով մը ան յիշեց ՀՄԸՄ-ի անցնող արդիւնաւէտ տարիները, միութեան մարդակերտումի առաքելութիւնն ու նուիրական ծառայութիւնը, շեշտը դնելով մեր ազգային արժէքներուն, հայ դատին եւ հայ ժողովուրդի համազգային իրաւունքներուն վրայ, տեսլական ունենալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումը եւ Արցախի հողերուն վերատիրացումը։ Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս, ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութիւնը եւ անոր փառապանծ անցեալը, հպարտալի ներկան եւ լուսաւոր ապագան: Ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի ծաւալած հարուստ գործունէութեան Լաթաքիոյ մէջ, ուր ազգասէր սերունդներ իրենց հոգեկան սնունդը ստացած են եւ ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս հասակ առնելով լծուած են ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս ծառայութեան եւ օժանդակութեան նուիրեալ աշխատանքին, միշտ ուղեցոյց ունենալով «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նշանաբանը: Եղբ. Մանուկ փափաք յայտնեց անցեալի ապրումներով վերականգնել Լաթաքիոյ մասնաճիւղի պատմական աւանդութիւնները՝ գայլ-արծուիկներու, սկաուտներու, մարզիկներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ խրոխտ շքերթներ կազմակերպելով, որպէսզի գոյատեւելու ապրում ներշնչենք Միութեան երթը հերոսաբար շարունակող ՀՄԸՄ-ականներուն եւ անոնց յաղթանակներով հպարտանանք: Քոյր Ցոլին Պալեան բեմ բարձրանալով մեծապէս գնահատեց մասնաճիւղի ՀՄԸՄ-ականները՝ իրենց տարած անխոնջ աշխատանքին համար: Ան բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամը, Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետը եւ Լաթաքիոյ մասնաճիւղի ատենապետը՝ 95-ամեակի յուշանուէրով պատուելու գնահատանքի արժանի քոյրերն ու եղբայրները, որոնք Միութեան ջահակիրներն են: Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցան նաեւ Շրջ. Վարչութեան բոլոր անդամները, որոնց ներկայութեան տեղի ունեցաւ ծառայութեան շքանշաններու եւ հաստատագրերու տուչութիւն՝ լաթաքիոյ մասնաճիւղի հետեւեալ վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներուն.- Եղբ. Մինաս Պալեան Եղբ. Մովսէս Կարապետեան Եղբ. Նազօ Քէշիշեան Քոյր Թագուհի Տէօքմէճեան Քոյր Սոնա Տէր Դաւիթեան Իսկ առողջապահական պատճառներով բացակայած հետեւեալ ՀՄԸՄ-ականներուն, Կեդր. Վարչութեան անդամն ու Շրջ. Վարչութիւնը անձամբ այցելեցին անոնց բնակարանները եւ փոխանցեցին շքանշանները .- Եղբ. Զաւէն Գաբրիէլեան Եղբ. Նազօ Խալոյեան Եղբ. Միսաք Մկրտիչեան Եղբ. Ժանօ Խոտանեան։ Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան, որ մեծապէս գնահատեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը՝ իր հայակերտումի եւ ազգապահպանութեան առաքելութեան համար: Ան շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները՝ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, մաղթելով բարեյաջող երթ եւ լուսաւոր ամեակներ, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը: Հանդիսութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ականները, եղբայրական սիրոյ սեղանի շուրջ իրենց ուրախութիւնը շարունակեցին «Մանուելլա» ճաշասրահէն ներս, ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ: