«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ արքայութիւնը» (Մր 10.14):
Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցները առաջնորդուելով Քրիստոսի արտասանած այս խօսքով, ապահով միջավայրի մէջ կը համախմբեն մեր ժողովուրդի փոքրիկներն ու պատանիները, անոնց տալով հայեցի-քրիստոնէական կրթութիւն:
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, նախաձեռնութեամբ՝ Կրօնական Ժողովի, Կիրակի 28 Նոյեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ս. Սահակ-Ս.Մեսրոպ» Կիրակնօրեայ Դպրոցի վկայականաց բաշխման հանդէսը: Ներկայ էին Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան, կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցի սաներուն ծնողներն ու հարազատները:
Հանդէսը սկիզբ առաւ «Տէրունական աղօթք»ով, «Զգործս Ձեռաց Մերոց» մաղթանքով, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով, ապա կիրակնօրեայ դպրոցներու քայլերգով:
Բացման խօսքով հանդէս եկան կիրակնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներէն Աննա Սաղպազարեան եւ Համազասպ Շաքարեան, որոնք հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութեամբ, որպէս կիրակնօրեայ դպրոցի սաներ, արտայայտեցին իրենց սէրն ու կապուածութիւնը մեր ազգային արժէքներուն եւ եկեղեցական ժառանգութեան, որոնց ծանօթացան կիրակնօրեայ դպրոցի յարկէն ներս: Անոնք ակնարկեցին 1929-ին Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի եւ ՆՍՕՏՏ Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով ծնունդ առած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու պատմականին, ապա յայտնեցին, թէ կիրակնօրեայ դպրոցներուն նպատակն է՝ ազգային դաստիարակութեան կողքին կրօնական դաստիարակութիւն ջամբել նորահաս սերունդին, ինչպէս նաեւ հայ ազգի զաւակները գիտակից դարձնել կրօնաբարոյական սկզբունքներուն եւ անոնց մէջ կերտել հայեցի եւ քրիստոնէական նկարագիր:
Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին կիրակնօրեայ դպրոցի ընդհանուր տեսուչ քահանայ հօր եւ հոգատար ուսուցիչներուն, որոնք տարիներ շարունակ, յատկապէս ամառնային բովանդակալից դասընթացքով ամբողջացուցին կրօնաբարոյական գիտելիքներու ծրագիրը:
Կիրակնօրեայ դպրոցներու ընդհ. տեսուչ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի գլխաւորութեամբ եւ ուսուցչական կազմին հսկողութեամբ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» կիրակնօրեայ դպրոցի փոքր եւ պատանի բոլոր աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով: Անոնք հոգեհարազատ կերպով արտասանեցին սաղմոսի գիրքէն հատուածներ, աղօթքներ եւ ոսկեղէն համարներ: Անոնց շրթներէն գեղեցկօրէն հնչեցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ շարականները, ինչպէս՝ «Որք Զարդարեցին», «Արեգակն Արդարութեան», հոգեւոր երգեր, ինչպէս՝ «Ոսկեծղի», «Մարտիրոսներու երգը», «Եկեղեցին Հայկական»:
Ծնողները հոգեկան ցնծութեամբ կը հետեւէին իրենց զաւակներուն արտասանած աղօթքներուն եւ երգած շարականներուն, քաջ գիտակցելով, որ Հայ Եկեղեցւոյ յարկէն ներս իրենց ստացած դաստիարակութիւնը իր արդիւնքը պիտի տայ իրենց առօրեայ կեանքէն ներս:
Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում:
Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցելով, ընդգծեց Կիրակնօրեայ Դպրոցներու յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը, որ հայեցի-քրիստոնէական նկարագիրի կազմութեան եւ օտար հոսանքներէ ապահով մնալու մէջ կը կայանայ: Ան հրաւիրեց շրջանաւարտները, որպէսզի կիրակնօրեայ դպրոցի յարկին տակ իրենց լսած ու սորված կրօնաբարոյական գիտելիքները գործադրեն իրենց կեանքին մէջ եւ պատմեն զանոնք իրենց շրջապատին մէջ:
Մասիս եպիսկոպոս կրօնական ժողովին անունով մեծապէս գնահատեց Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանին անսակարկ ծառայութիւնը կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ գնահատեց ուսուցչական կազմը՝ իրենց հետեւողական եւ հոգատար ծառայութեան համար: Ան գնահատեց ծնողները, որոնք հետամուտ ըլլալով իրենց զաւակներուն ազգային-եկեղեցական դաստիարակութեան՝ իրենց փոքրիկները կը վստահին կիրակնօրեայ դպրոցին:
Այս առիթով, Սրբազան Հայրը «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ» գունազարդ գիրքը նուիրեց կիրակնօրեայ դպրոցի բոլոր աշակերտներուն, պատուիրելով, որ իրենց ծնողներուն հետ Աստուածաշունչը բաց պահեն եւ շարունակ ընթերցեն տան մէջ:
Գիրքը լոյս տեսած է Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նախագահ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի ջանքերով: 120 էջերէ բաղկացած Գիրքը պատրաստուած է «Կեանքի մեծ հարցումները փոքրիկ ընթերցողներու համար» կարգախօսով: Թարգմանուած է գերմաներէնէ: Հեղինակներն են՝ Սուզըն Ճաշ, Քրիսթինա Շնըրլ, որոնք հաւաքած են փոքրիկներու ներաշխարհին մէջ յառաջացած դժուար լուծելի հարցումները եւ զանոնք ներկայացուցած՝ Աստուածաշունչի պատմութիւններուն միջոցով: Գիրքին պատմութիւնները պարզ եւ գեղեցիկ գծանկարներով ներկայացուած են Մաթիաս Ուեպըրի կողմէ:
Հանդէսը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: