Մարդ արարածը մեղք գործելու սիրահար դարձած է: Ան ամենայն սրտի գոհունակութեամբ ու հանգստութեամբ սկսած է մեղանչել, առարկելով. «ի՞նչ կ’ըլլայ եթէ մեղք գործեցի», «մարդը սխալական է», «Աստուած ներողամիտ է» եւ ասոնց նման շատ մը պատրուակներ: Սակայն, միթէ ան մտածա՞ծ է, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեղք գործել եւ թէ ի՞նչ են անոր հետեւանքները: Այս հարցումին պատասխանելու համար, հարկ է, որ դիմենք ոսկեայ մատեանին՝ Աստուածաշունչին: Աշխարհի արարչութենէն ետք, մարդ-Աստուած յարաբերութիւնը սիրով առլցուն ու հունաւորուած էր: Հետաքրքրական է, որ Աստուած Ի՛նքն էր, որ այդ յարաբերութեան սկիզբ տուած էր: Ան մարդը ստեղծած էր Իր պատկերին եւ նմանութեան (հմմտ Ծն 1. 26-27) համաձայն՝ անոր մէջ փչելով Իր Հոգին (հմմտ  Ծն  2.7): Բարձրեալը նաեւ մարդուն Եդեմի պարտէզին՝ Դրախտին, մէջ դրած (հմմտ Ծն  2.8) ու անոր միւս արարածներուն վրայ իշխան կարգած էր (հմմտ Ծն  1.28):
Հուսկ, Ամենակալը մարդուն հետ յարաբերութիւն մշակեց, երբեմն Տէրը անոր երեւցաւ ու անոր հետ զրուցեց, իսկ մարդը՝ Աստուծոյ հարազատ բարեկամը եղաւ՝ Եդեմի մէջ Ամենողորմին ներկայութիւնը վայելելով: Այսպիսով, Ամենագէտը մարդուն հոգեւոր կողմնացոյցը դարձաւ՝ անոր ուղղութիւնը ցոյց տալով: Սակայն, մարդը առաջին Օձէն՝ Սատանայէն (հմմտ Յյտ  12.9) խաբուելով՝ իր աստուածային զգեստը նետեց եւ անոր փոխարէն կորստեան պատմուճանը զգենուց: Այսպիսով, մարդը անջատուեցաւ Տիրոջմէ եւ ինկաւ խաւարի գուբին մէջ:
Մարդը իր մեղանչումով ինչե՜ր կորսնցուց: Մարդը Աստուծմէ անջատուելով՝ կորսնցուց Անոր մտերմութիւնը: Ադամ իր մեղանչումէն առաջ, ընկերոջ մը նման կը խօսէր Աստուծոյ հետ: Սակայն երբ ան մեղանչեց, սկսաւ յարաբերութիւն մշակել Աստուծոյ թշնամիին՝ Բանսարկուին հետ եւ Բարձրեալէն սարսափեցաւ:
Մարդը Աստուծոյ դէմ մեղանչելով՝ միացաւ իր սրտի ցանկութիւններուն: Ան ցանկաց «բարիի եւ չարի գիտութեան ծառ»-ին պտուղին, որ «աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն» (Ծն  3.6) եւ այդպիսով, կորսնցուց ճշմարիտ Որթատունկը՝ Աստուած (հմմտ  Յհ 15.1):
Մարդը մեղքին հաւանութիւն տալով՝ ճշմարտութենէն անջատուեցաւ: Ճշմարտութիւնը Աստուած Ի՛նքն է (հմմտ Յհ 6.63, 11.25 եւ 14.6), ուստի երբ մարդ կ’անջատուի ճշմարտութենէն՝ Աստուծմէ, կը միանայ ունայնութեան հետ: Իսկ ունայնութիւնը շա՜տ յոգնեչուցիչ է, որովհետեւ ան փոփոխական եւ անկայուն է: Մարդը ունայնութեան հետեւելով՝ իւրաքանչիւր օր տարբեր վիճակի ու զգացումներու կ’ենթարկուի, մինչ ճշմարտութեան միացող անփոփոխ վիճակ մը կ’ունենայ, որովհետեւ Աստուած անփոփոխ է:
Մարդը Աստուծմէ անջատուելով՝ կեանքէն անջատուեցաւ: Աստուած Ի՛նքն է կեանքը (հմմտ Յհ 14.6): Ուստի, երբ մարդ Աստուծմէ կ’անջատուի, ան հոգեւորապէս կը մեռնի: Այս մասին մենք կը կարդանք Անառակ որդիին առակին մէջ, ուր անոր հայրը կ’ըսէ. «իմ այս զաւակս մեռած էր՝ ողջնցաւ» (Ղկ 15. 24): Աստուծմէ անջատուած մարդուն համար Յայտնութեան Յովհաննու գրքին մէջ կ’ըսուի. «միայն անունով ողջ ես, բայց իրականութեան մէջ մեռած ես» (Յյտ 3.1):
 Մարդը Աստուծմէ խզուելով՝ զօրութենէն բաժնուեցաւ: Ամենագութը Ի՛նքն է զօրութեան առուն ու աղբիւրը: Ուրեմն, երբ մարդ Աստուծոյ հետ Իր յարաբերութիւնը կը խզէ, ան կը տկարանայ եւ թոյլ կը դառնայ: Երբ Ադամ Դրախտին մէջ էր, ան զօրաւոր էր եւ ինչպէս նաեւ (ինչպէս վերեւ յիշեցինք) իշխան էր Աստուծոյ ողջ ստեղծագոծութեան վրայ: Սակայն, երբ ան մեղանչեց, անասունները, որոնք իր իշխանութեան ենթակայ էին, սկսան սպառնալ անոր: Ան նոյնիսկ կորսնցուց իր անձին վրայ ունեցած իշխանութիւնը, եւ սկսաւ պարտութեան մատնուիլ նոյնինքն իր անձէն: Եւ այս մէկը այսօր յստակօրէն կը տեսնենք մարդուն մէջ, երբ ան իր ցանկութիւններուն գերին կը դառնայ:
Մարդը իր մեղանչումին պատճառով, թողուց իր իշխանութիւնը եւ նոր իշխանի մը ենթակայ դարձաւ: Այդ նոր իշխանը սատանան է, որ այնուհետեւ ինքզինք «աշխարհի իշխան» (հմմտ Յհ 14.30) կոչելով, մարդը իր կապանքներուն մէջ առաւ: Մարդը Աստուծմէ անջատուելով՝ վախկոտ դարձաւ: Այս մէկը բիւրեղօրէն կը տեսնենք Կայէնի անձին մէջ: Ան մարդոցմէ սարսափելով ըսաւ. «Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ եւ պիտի ըլլայ որ, ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ» (Ծն 4.14): Ան նաեւ դարձաւ մտահոգ, խռով ու հոգեպէս ծանրաբեռնուած: Մարդը Աստուծմէ հեռանալով՝ անջատուեցաւ Հոգիին կեանքէն: Ադամ իր մեղանչումէն ետք, նիւթին կապուեցաւ: Անոր կառավարիչները դարձան իր մարմնաւոր մեղքերը: Մարմնաւոր մեղքերը սկսան անընդհատ յարձակումներ կատարել անոր վրայ: Եւ այս մէկը նոյնիսկ կիրարկուեցաւ մարգարէներուն եւ Աստուծոյ մարդոց վրայ (տե՛ս՝ Առ 7.26):
Ահաւասիկ, կը տեսնենք, թէ մեղքը ի՛նչ ըրաւ մարդուն եւ ի՛նչ ալ կը շարունակէ ընել: Սակայն, սիրակաթ սիրտ ունեցող եւ Ամենաբարի Աստուածը չկարողացաւ մարդուն ձգել: Ան սկզբնական շրջանին, Իր մարգարէները ղրկեց, որպէսզի աւետեն մարդկութեան փրկութիւնը եւ ցոյց տան անոնց մեղքերէն ձերբազատելու միջոցը: Սակայն, մարդիկ դարձեալ ականջ չտուին: Ուստի, Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Միածին Որդին, որ չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ՝ մեզ փրկելու համար: Ան նաեւ իր հրաշափառ Յարութեամբ մեզ յարութեան յոյսն ու յաղթանակը տուաւ (հմմտ Յհ 16. 33), որպէսզի իր միջոցաւ կարենանք դուրս ելլել մեղքի գուբէն: Երկնառաքն Քրիստոս մեզի յայտնեց նաեւ, թէ Աստուած ներողամիտ եւ բարեգութ Տէր է, եւ թէ գրկաբաց մեզ կը սպասէ: Աստուածատուրին՝ Քրիստոսի միջոցաւ, Աստուած մեզի հաշտութեան ու փրկութեան ձեռք երկարեց: Եթէ մեղքը Աստուծմէ անջատումն է, սա կը նշանակէ, թէ Աստուծոյ վերադառնալու միա՛կ ճամբան մեղքէն հեռանալն ու Քրիստոսի նեղ ճամբայէն (հմմտ Մտ 7. 13-14) քալելն է: Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ-ընթերցող, աշխարհը այսօր քեզ կը նեղի ուրիշ որեւէ ժամանակէ աւելի, ուստի ձգէ՛ այդ մեղքով թաթխուած աշխարհը եւ անոր իշխանը՝ Սատանան (հմմտ Յհ 14.30 ), եւ Տիրոջմով նոր սի՛րտ առ (հմմտ Եզ 36.26): Ժամանակն է, որ Քրիստոսով նո՛ր արարած եւ նո՛ր մարդ ըլլաս (հմմտ. Բ. Կր 5.17): Երբ Պետրոս առաքեալ ուզեց Քրիստոսի գալ, Ան ըսաւ. «առի՛» (Մտ 14.29), ուրիշ խօսքով՝ յարութիւն առ այս աշխարհէն եւ մօտեցի՛ր Ինծի, որովհետեւ Ես գրկաբաց քեզ կը սպասեմ: Ուստի, նետուինք Տիրոջ տաքուկ գոգին մէջ եւ վայելենք Անոր ներկայութիւնը:
Շանթ Սրկ. Գատեհճեան