ՏԵՂԱԿԱՆ  ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Համաշխարհային պասքեթի ախոյեանութեան զտման առաջին հանդիպումին, Սուրիոյ պասքեթի տղոց հաւաքականը Խազախիստանի մէջ 74-84 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ կազմին կողմէ:
– Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը շարունակելով իր ձախող արդիւնքները, 2-0 արդիւնքով զիջեցաւ Յորդանանին: Անցեալ շաբթուան ընթացքին, հաւաքականը 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ նաեւ Լիբանանէն:
– Սուրիոյ ֆութպոլի առաջին հաւաքականը ժամանեց Քաթար, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ արաբ երկիրներու ախոյեանական մրցումներուն: Հաւաքականէն կը բացակայէին այլ խաղացողներ, որոնց ակումբները իրաւունք չտուին անոնց սոյն մասնակցութեան, մրցաշարքը ՖԻՖԱ-ի ժամանակաշրջանէն դուրս ըլլալուն համար:
– Սուրիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ փուլի մրցումներու ծիրէն ներս, Հալէպի Իթթիհատը եւ Աֆրինը անգամ մը եւս ձախողութեան մատնուելով կրեցին նոր պարտութիւն մը: Հոմսի մէջ Իթթիհատը 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ Ուասպէէն, իսկ Աֆրին 1-0 արդիւնքով զիջեցաւ Թշրինին: Նշենք, որ զոյգ խումբերը կը գրաւեն աղիւսակին վերջին դիրքերը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՅՄԱՐ ԾԱՆՐ ՎՆԱՍՈՒԱԾՔ ՍՏԱՑԱՒ
Ֆրանսայի առաջնութեան 15-րդ փուլին Սէնթ Էթյէն – Փարիզ Սան Ժերմանի հանդիպման ընթացքին, մայրաքաղաքի խումբի պրազիլցի խաղացող Նեյմար ծանր վնասուածք մը ստանալով դաշտէն պատգարակով դուրս եկաւ: Նեյմարի ձախ ոտքի յօդին վնասուելուն պատճառը դարձաւ մրցակից կազմին պաշտպանողական խաղացող Իվան Մասոնը: Յիշենք, որ մրցումը վերջ գտաւ 3-1 արդիւնքով ի նպաստ Փարիզին, որ 40 կէտով կը գլխաւորէ աղիւսակը:
ՏԱՍԸ ԽԱՂԱՑՈՂՆԵՐ 2022-ԻՆ ԱՆՎՃԱՐ ԿԸ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԻՆ
2022-ի ամրան Եւրոպայի ախոյեանական խումբերէն զանազան խաղացողներ կարողութիւն ունին տեղափոխուելու տարբեր ակումբներ, առանց նիւթական փոխանակումի, նկատի ունենալով, որ անոնց պայմանագրութիւնները իրենց ակումբներուն հետ կ’աւարտին: Մինչեւ վեց ամիս անոնք իրաւունք ունին որոշելու իրենց ճակատագիրը, թէ պիտի վերանորոգեն իրենց պայմանագիրը, կամ պիտի տեղափոխուին այլ խումբ: Այս խաղացողներուն մէջ գլխաւոր տեղ գրաւողներն են՝ Փարիզ Սան Ժերմանի Քիլիան Ըմպափէն, Մանչեսթըր Իւնայթըտի Փօլ Փոկպան, Միլանի Ֆրանք Քիսիէն, Իւվէնթուսի Փաուլօ Տիպալան, Պարսելոնայի Օսման Տեմպելէն, Նափոլիի Լորենզօ Ինսինիէն, Ինթէր Միլանի Մարսելօ Պրոզովիչը, Չելսիի Անթոնիօ Ռոտրիկէզը եւ Անտրիաս Քրեսինսը ու Պայերն Միւնէխի Նիքոլաս Զոլան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան