Նոր Տարուան տօնին մասին եօթը հիմնական աւանդոյթներ գոյութիւն ունին:
1-Գլխաւոր օրացոյցին համաձայն, տօնի յիշատակումը սկսած է 4000 տարի առաջ:
Ամէն ինչ սկսած է հին Միջագետքէն: Այնուհետեւ Ամանորի աւանդոյթները մուտք գործած են հռոմէացիներու աւանդոյթներուն մէջ: Անոնք առանձնապէս չէին պահպանած սահմանուած ժամկէտը, որովհետեւ նախընտրած էին գարնան տօնել զայն: Ամանորի թուականը եւ անոր հետ կապ ունեցող սովորութիւնները կը տարբերին երկրէ երկիր։ Այս տօնին ծագումին առնչութեամբ, հանրագիտարան մը կ’ըսէ. «Հռոմէացի կառավարիչ՝ Յուլիոս կայսրը, Ք.Ա. 46 թուականին, 1 Յունուարը հաստատեց որպէս Ամանորի օր։ Հռոմէացիները այդ օրը նուիրեցին Յանոսի, որ դարպասներու, դռներու եւ սկիզբներու աստուածն էր։ Յունուար ամիսը իր անունը առած է Յանոս չաստուածէն, որ ունէր երկու դէմք, մէկը դէպի առջեւ կը նայէր, իսկ միւսը՝ դէպի ետեւ» (The World Book Encyclopedia)։ Ուստի, Ամանորի տօնակատարութիւնները հիմնուած են հեթանոսական աւանդութիւններու վրայ։
2-Եղեւինը դարձաւ Սուրբ Ծննդեան խորհրդանիշ՝ շնորհիւ Մարթին Լութըրի:
Հին կելտերու շրջանին, մշտադալար ծառը՝ եղեւինը, կը համարուէր պաշտամունքային բոյս: Անոնք կ’աստուածացնէին այդ ծառը եւ անոր ընծաներ կը նուիրաբերէին, անոր կը հագցնէին ամէն տեսակի հագուստներ՝ փորձելով սիրաշահիլ բարի աստուածները եւ փախցնել չար ոգիները:
Երբ Քրիստոնէութիւնը յայտնուեցաւ, հոգեւորականները չկրցան համոզել հեթանոսները հրաժարելու իրենց սովորոյթներէն, հետեւաբար Լութըր ճկուն քայլ մը առաւ՝ համադրելով հեթանոսական եւ քրիստոնէական աւանդոյթները: Այսպիսով, Եղեւինը դարձաւ Սուրբ Ծննդեան (ամանորեան) հիմնական ծառը:
Նուիրատուութիւններն ու սուրբ կրակը փոխարինուեցան Բեթղեհէմի աստղով եւ մոմերով:
3- Ռուսաստանի մէջ Պետրոս Ա. ցարը դասաւորեց Սուրբ Ծննդեան տօներուն շաբաթը:
Ըստ հին ռուսական աւանդոյթներու, նոր տարուան սկիզբը կը յիշատակուէր գարնան գալուստով, 1 Մարտին: Բայց XIV դարուն, ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ ջանքերով, տօնին օրը փոխուեցաւ 1 Սեպտեմբերի, հոգեւորներուն կը թուէր, թէ այս թուականը շատ աւելի յարմար էր տօնակատարութիւններու համար: Գիւղատնտեսական աշխատանքները այդ  ատեն կ’աւարտէին, կը հասնէր բերքահաւաքի եւ ճոխ խնճոյքներու շրջանը:
Ուստի Պետրոս Ա.-ը հրաման արձակեց պետութեան նոր օրացոյցի հաշուարկին անցնելու եւ այսպիսով Ամանորը համարուեցաւ 1 Յունուարը:
Մարդիկ այդ շաբաթը կը զուարճանային՝ իրարու նուէրներ փոխանակելով, երգեր երգելով, հրավառութիւններ կատարելով եւ այլն:
(շար.1)
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան