Երեւանի մէջ 29 Նոյեմբերին սկսած ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն խորհրդաժողովը 2-3 Դեկտեմբերին իր աշխատանքները շարունակեց Ստեփանակերտի մէջ: Խորհրդաժողովի աշխատանքները մինչ այդ գումարուած էին նաեւ Գորիսի մէջ: Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն ժամանած մօտաւօրապէս 50 ներկայացուցիչները Ստեփանակերտի մէջ նախ այցելեցին Եղբայրական գերեզմանոց` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու Արցախեան պատերազմներու զոհերու յիշատակին: 2 Դեկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ խորհրդաժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան ԱՀ ԱԺ նախագահի, խորհրդարանի մէջ ներկայացուած կուսակցութիւններու ղեկավարներու, պատգամաւորներու, ԱՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ԱՀ արտաքին գործոց նախարարի, ԱՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարին հետ: Հրաւիրեալները նախ հանդէս եկան ողջոյնի խօսքով, տեղեկութիւններ հաղորդեցին իրենց ոլորտներուն մասին եւ պատասխանեցին մասնակիցներու հարցերուն: 3 Դեկտեմբերին ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն ներկայացուցիչները ժամանեցին Ասկերանի շրջանի շարք մը համայնքներ, ծանօթացան Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու բնակիչներուն համար կառուցուող բնակարաններու շինարարական աշխատանքներուն: