«Երկիր».- 3 Դեկտեմբերին Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայնութեամբ ընդունած է «Հայերու նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակի մասին» խորագիրով բանաձեւը:
Բանաձեւը կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանին եւ Արցախին դէմ` կը պահանջէ ի կատար ածել 9 Նոյեմբերի 2020-ի զինադադարի յայտարարութեան դրոյթները, գերիներու անյապաղ արձակումը: Բանաձեւը նաեւ կը դատապարտէ թրքական ներգրաւումը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ սանձազերծուած պատերզմին մէջ:
Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Ղազանչեան «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ բանաձեւին ընդունումը կապուած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի յայտարարութեան ստորագրումին մէկ տարուան հետ:
«Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մարտ 2020-ին ձեւաւորեց Արցախի բարեկամներու շրջանակը` ընդգրկելով քաղաքական գործիչներ, խորհրդարանականներ, քաղաքապետներ, լրագրողներ, որոնք այցելած են Արցախ կամ դրսեւորած են հայամէտ կեցուածք: Ուրախ եմ յայտարարելու, որ շնորհիւ Կիպրոսի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Արցախի բարեկամներուն շրջանակին, ինչպէս նաեւ վայելելով Կիպրոսի ներկայացուցիչներու պալատին մէջ համայնքի պետական ներկայացուցիչի աջակցութիւնը, Կիպրոսի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունեց, որ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումը Արցախին նկատմամբ», յայտնած է ան:
Յակոբ Ղազանչեանի խօսքին համաձայն, Արցախը իրենց համար պարզ հետաքրքրութեան նիւթ չէ, այլ փոքր տարիքէն ստացած դաստիարակութիւն, որ կը մղէ աննահանջ պայքար ծաւալելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար:
Բանաձեւը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու Պալատ
Հայերուն նկատմամբ Ատրպէյճանի շարունակական յարձակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացիկ իրավիճակին մասին
Դատապարտող Բանաձեւ
Ներկայացուցիչներու պալատը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ 9 Նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի համաձայնագիրին մէկ տարին լրանալէն վերջ
-նկատի առնելով նախորդ`9 Հոկտեմբերի 2020-ի Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) տարածաքին մէջ Ատրպէյճանի կողմէն հայերու վրայ յարձակման իր բանաձեւը,
-նկատի առնելով Եւրոպական խորհրդարանի 20 Մայիսի 2021-ի բանաձեւը,
-նկատի առնելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը, ՄԱԿ-ի Խոշտանգումներուն դէմ համաձայնութեան, Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Միութեան եւ Ռազմագերիներու հետ վարուելու մասին Ժնեւի (III) համաձայնութիւնը,
-նկատի առնելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կողմէն Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին 9 Մարտի 2021-ի ծանուցումը,
-նկատի առնելով Մարդու Իրաւունքներու դիտորդական առաքելութեան 19 Մարտի 2021-ի զեկոյցը
-նկատի առնելով, որ 27 Սեպտեմբերին եւ 10 Նոյեմբերին տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններու ընթացքին հազարաւոր զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ, ճնշող մեծամասնութեամբ հայեր, զոհուած կամ վիրաւորուած են եւ Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ տեղահանուած են,
-նկատի առնելով, որ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէն ստորագրուած Եռակողմ զինադադարի յայտարարութեան 8-րդ կէտը կը նախատեսէ ռազմագերիներու, պատանդներու ու այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ մահացածներու դիակներու փոխանակում,
-նկատի առնելով, որ հայ ռազմագերիներու թուաքանակ մը տակաւին ազատ չէ արձակուած, զոհուածներուն դիակները չեն վերադարձուած, իսկ հարիւրաւոր հայ գերիներու ճակատագիրը անյայտ է,
-նկատի առնելով, որ կը շարունակուին Ատրպէյճանի յարձակողական յայտարարութիւնները եւ գործողութիւնները Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ,
-կատի առնելով, որ Արցախի բնակչութիւնը կը շարունակէ տուժել հակամարտութեան հետեւանքներէն (տեղահանումներ, մարդասիրական օգնութեան կարիք, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացում, ատրպէյճանական ուժերի կողմէն Արցախի բնակչութեան ջրամատակարարման բոլոր աղբիւրներու բռնագրաւումին պատճառով ջուրի խիստ սակաւութիւն),
Ներկայացուցիչներու պալատը քուէարկելով
1.Դատապարտած է Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) տարածքին վրայ:
2.Դատապարտած է թրքական զինուորական անձնակազմին, նաեւ ճարտարագիտական բացայայտ ներգրաւումը,
3.Պահանջած է Ատրպէյճանէն ի կատար ածել զինադադարի մասին յայտարարութան դրոյթները, որ կը նախատեսէ բոլոր գերիներու ազատ արձակում, մահացողներու դիակներու վերադարձ ու անյայտ կորածներու ճակատագիրի յստակացում:
4.Կոչ ուղղած է ՄԱԿ-ին, Եւրոմիութեան ու այլ միջազգային կազմակերպութիւններուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) տարածքի բնակչութեան, աջակցութիւն ցուցաբերելու տարածքի վերականգնման գործին, փախստականներու վերադարձին ու Արցախի տարածքի հայերուն կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան յուշակոթողներու պաշտպանութեան:
5.Անհանգստութիւն յայտնած է ականներու, քասեթային ռումբերու ու այլ չպայթած զինամթերքի առկայութեան առնչութեամբ, որոնք կը վտանգեն խաղաղ բնակիչներուն եւ յատկապէս երեխաներուն առօրեայ կեանքը տարածքին մէջ:
6.Կոչ ուղղած է միջազգային հանրութեան գործելու այնպէս, որուն հետեւանքով պիտի դադրի Ատրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի նկատմամբ»: