ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ՝ ՎԱՐԴԵՆԻՍԻ, ԱԲՈՎԵԱՆԻ ԵՒ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի կայքը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի տարբեր մարզերու 36 խոշորացուած համայնքներու մէջ Կիրակի, 5 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան ժամը 20:00-ի դրութեամբ, նախնական տուեալներով, մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1 միլիոն 112 հազար 396 քաղաքացիներէն 472 հազար 528-ը կամ 42,48 առ հարիւրը:

Համայնքապետի ընտրութիւններ տեղի ունեցած են Արարատի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Լոռիի, Վայոց Ձորի, Շիրակի եւ Կոտայքի խոշորացուած համայնքներուն մէջ:

Յիշենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 36 համայնքներէն 19-ին մասնակցեցաւ ընտրութիւններուն, եւ ընդդիմադիր դաշտէն ամէնէն մեծ յայտ ներկայացուցած քաղաքական ուժն էր:

Նախնական արդիւնքներով, ընդդիմութիւնը յաղթած է Վարդենիսի, Աբովեանի եւ Վանաձորի մէջ, պարտուած` Հրազդանի, Նոյեմբերեանի եւ Աշտարակի մէջ: