Հինգշաբթի, 2 Դեկտեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովը ունեցաւ իր լիակատար հանդիպումը: Կրօնական Ժողովին յաջորդող յիշեալ հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ժողովին այլ թեմերու պատկանող անդամները: Հանդիպումին ատենապետութիւնը յաջորդաբար վարեցին Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերէճեան:

Վեհափառ Հայրապետը ժողովին բացումը կատարելով ընդհանուր անդրադարձ մը կատարեց անցող ամիսներուն Կաթողիկոսարանի գործունէութեան՝ վարչական, տնտեսական, յարաբերական, շինարարական եւ այլ երեսներուն: Ան շեշտեց, թէ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, Կաթողիկոսարանը իր համազգային առաքելութիւնը շարունակեց:

Լայն քննարկումի նիւթ դարձաւ Կաթողիկոսարանի ընկերային ծառայութեան առնչուած Ֆանարի ժողովրդային տուներու, Պուրճ Համուտի ժողովրդային բնակարաններու, կարիքաւորներու օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու Կաթողիկոսարանին կողմէ կատարուած նիւթական ներդրումները: Յիշեալ եւ այլ ծրագիրներ առանցքային տեղ գրաւեցին Կաթողիկոսարանի առաքելութեան մէջ: Ժողովականները գնահատանքով անդրադարձան Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ թէ՛ Կաթողիկոսարանին եւ թէ՛ բարերարներու ներդրումով ընկերային ծառայութեան մարզէն ներս կատարուած աշխատանքներուն: Զեկոյց տրուեցաւ Կաթողիկոսարանի տնտեսական ընդհանուր կացութեան մասին, ուր պարզուեցաւ, թէ Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական եւ դրամատնային տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է Կաթողիկոսարանին տնտեսական կացութեան վրայ: Այս ծիրէն ներս Կաթողիկոսութեան թեմերու ու բարերարներու օժանդակութիւնը կարեւոր նկատուեցաւ: Նորին Սրբութիւնը յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւ զուիցերիաբնակ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի կողմէ Կաթողիկոսարանին միջոցաւ Լիբանանի հայութեան կատարուած օժանդակութեանց, յատկապէս ընկերաբժշկական բնագաւառէն ներս:

 

Իր օրակարգի երկրորդ բաժինին մէջ ժողովը հանդիպումներ ունեցաւ «Թռչնոց Բոյն»ի, Ազգ. Բուժարանի, Ազգ. Ծերանոցի, հայագիտական կեդրոնի, «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի եւ յարակից այլ կառոյցներու տնօրէններուն ու խնամակալներուն հետ: Ժողովը լսեց անոնց զեկոյցները, իր գնահատանքը յայտնեց ու միաժամանակ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց: Ապա, քննարկուեցան թեմերու առնչուած շարք մը հարցեր:

Յիշեալ հանդիպումներուն յաջորդեցին, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Քաղաքական ու Կրօնական ժողովներուն խառն նիստերը: