Նոյեմբեր 2021-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակը հրատարակած է Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն 2020-ի աշխատանքը ամփոփող տարեգիրք:

«Երկու խօսքին մէջ ըսուած է.

Ձեզի կը ներկայացնենք «Հայ Դատի Տարեգիրք 2020»-ը, որ  ամէնամեայ պիտի ըլլայ: Անիկա համառօտ ամփոփած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցին տուեալ տարուան գործունէութէան կարեւորագոյն աշխատանքները:

2020-ը հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն համար եղաւ փոթորկալի: Տաւուշեան կռիւները, եւ յատկապէս 27 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ եւ վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմը յանգեցան
հազարաւոր մարդկային զոհերու, վիրաւորներու, տեղահանուածներու եւ տարածքային կորուստներու: Հայութիւնը յայտնուեցաւ ամբողջապէս նո՛ր իրականութեան, նո՛ր վտանգներու ու նո՛ր մարտահրաւէրներու առջեւ:

Ամբողջ տարուան ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները ոչ միայն շարունակեցին իրենց նախածրագրուած աշխատանքները, այլեւ, 44-օրեայ պատերազմին բերումով, նո՛ր թափ հաղորդեցին իրենց գործունէութեան, որ բնականաբար ազդուեցաւ նաեւ տարեսկիզբէն Covid-19-ով ստեղծուած տեղաշարժի ու հրապարակային հաւաքներու սահմանափակումերէն եւ մարդկային յարաբերութիւններու նոր իրադրութենէն:

Ծրագրուած էր 1920-ին  Սեւրի պայմանագիրին եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին ԱՄՆ նախագահ Ուութրօ Վիլսընի իրաւարար վճիռին 100-ամեակները նշել մեծ հնչեղութեամբ` Սեւրէն Ուաշինկթըն ու Երեւան: Համավարակն ու 44-օրեայ պատերազմը սահմանափակեցին այդ ծրագիրներուն իրականացումը:

Տարեգիրքին մէջ, բազմազան պատճառներով, տեղ չեն գտած  քանի մը երկիրներու Հայ Դատի յանձնախումբերու, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի արտաքին յարաբերութիւններու եւ Հայ Դատի համակարգին մաս կազմող երկու հիմնարկներու (Երեւանի մէջ գործող «Արեւմտահայաստանի եւ Արեւմտահայութեան Հարցերու Ուսումասիրութեան Կեդրոն» [akunq.net], եւ Ուաշինկթընի մէջ գրանցուած «Արդարութեան եւ Մարդու Իրաւունքներու Իրաւական Կեդրոն» [armenianlegal.org]) աշխատանքներուն ամփոփ զեկոյցները: Այս բացթողումը պիտի սրբագրուի «Հայ Դատի Տարեգիրք 2021»-ին մէջ:

Մինչ այդ, կրնաք Հայ Դատի աշխատանքներուն հետեւիլ տարեգիրքին մէջ նշուած կայքերու եւ ընկերային ցանցերու էջերուն միջոցով»: