«Երկիր».-6-էն 13 Դեկտեմբեր ՀՅԴ Հայ Դատի Ֆրանսայի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ ՀՀ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան բարձրաստիճան հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ֆրանսայի պետական շարք մը մարմիններուն, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի պատգամաւորներուն հետ:

Բացի քաղաքական հանդիպումներու ծրագիրէն, ան կը հանդիպի Փարիզի, Ալֆըրթուիլի, Լիօնի, Վալենսի եւ Մարսէլի համայնքներուն հետ: