«Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին եւ Համազգայինի «Գիր եւ գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, երէկ` Երեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2021-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի եւ Բիւրոյի անդամներուն, ՀՅԴ աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու ներկայացուցիչներուն:

Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, որ լուսարձակի տակ առաւ արժէքն ու կարեւորութիւնը անկախութեան, զոր մեր ժողովուրդը հարիւրամեակներ փայփայեց, պայքարեցաւ անոր համար եւ միշտ ապրեցաւ զայն ձեռքբերելու երազով:

Ան յատկապէս անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան, որ կերտուեցաւ շնորհիւ երկարատեւ պայքարի, դարերու անխոնջ գործունէութեան եւ հայոց պատմութեան զոհասեղանին նուիրաբերուած ընտրանիին` աւելցնելով, որ անկախութիւն կերտելն ու ունենալը չէ՛ միակ մարտահրաւէրը, այլ զայն ըստ արժանւոյն փայփայելն ու մասունքի նման պահպանելն է հիմնականը: Առ այդ, ան հրամայական նկատեց պատմութեան փառապանծ փուլերէն մեզի հասած յաղթանակին ու նուաճումներուն շարունակութեան համար աշխատիլ` միշտ առաջնորդ ունենալով ազգային վեհ սկզբունքները:

Քրիստ Խրոյեան շեշտեց, որ անցեալը ներկային կամրջելու եւ ապրուած կեանքի փորձառութիւնները մեզի փոխանցելու առումով մեծ դեր վերապահուած է պատմագրութեան, որով շատ անգամ իրականութիւնը փրկուած է մոռացումէ եւ աղաւաղումէ, սերունդներ դասեր քաղած են պատմութեան դէպքերէն եւ իրադարձութիւններէն:

«Հայութեան համար բացարձակ արժէք հանդիսացող անկախութեան նուիրականութիւնը կը մարմնաւորուի յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդին մէջ: Այդ խորհուրդը ամփոփուած է Աւօ Գաթրճեանի «Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման հերոսապատումը» գիրքին մէջ, որ  պատմական իրողութիւններն ու անկախութիւն կերտած դէմքերը որեւէ խեղաթիւրումէ զերծ պահելու առումով մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ», ըսաւ ան` նշելով, որ Աւօ Գաթրճեանի գիրքը կու գայ հարստացնելու մեր ազգային անվտանգութեամբ հետաքրքրուող կառոյցներու գրադարանները, եւ յոյս յայտնելով, որ նման հրատարակութիւններ բազմանան, որովհետեւ անցեալի փաստերը համադրելով եւ զանոնք հանրութեան տրամադրութեան տակ դնելով կը շեշտուին ազգային արժէքները, ուղղութիւն կը տրուի մոլորածներուն: