Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքականութիւնն ու դրական դերակատարութիւնը սուրիական տագնապի օրերուն յատկանշական առաւելութիւններ ու հեռանկարային նպատակներ ունէին՝ մանաւանդ Սուրիոյ պարտադրուած շրջափակումը աստիճանաբար չէզոքացնելու իրենց նկրտումներով եւ տարածաշրջանի պետութիւններու շահերու հաւասարակշռութեան պահպանումով:
Վերջին տարիներուն, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին մէջ ԱՄԷ-ը ոչ միայն աշխոյժ ներկայութիւն ունեցաւ, այլեւ փաստեց, որ գերտէրութիւններու գործիքը չէ եւ կարողութիւն ունի անկախ քաղաքականութիւն վարելու:
ԱՄԷ-ը այս հաշուով  ազդեցիկ դերակատարութիւն սկսած է ունենալ ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Թուրքիոյ օգնութեան ձեռք երկարելով, որպէս Քաթարի մրցակից երկիր, տնտեսական տագնապէն դուրս գալու այլընտրանքներ ներկայացնելով նաեւ Թուրքիոյ: Էմիրութիւններ վերջերս առաջարկած էր նաեւ ԱՄԷ-Իրան-Թուրքիա ցամաքային փոխադրութեան նոր ճանապարհային քարտէզ մը՝ արաբական ծոցէն  դէպի միջերկրական, ապա նաեւ Սեւ ծով, ինչ որ ժամանակի ընթացքին կրնայ փոխարինել Սուէյզի ջրանցքն անգամ:
Նորութիւնը, սակայն, սուրիական տագնապի շրջագիծին մէջ, որպէս արաբական երկիր, Ռուսիոյ եւ Իրանի կողքին լուրջ դերակատար դառնալու Էմիրութիւններու յանդուգն նախաձեռնութիւնն է:
ԱՄԷ-ը փաստօրէն իր արաբական, տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններն ու կարելիութիւնները ծառայեցուց իր հեռակայ նպատակներուն՝ ջատագովը մնալով Սուրիոյ պետութեան ինքնիշխանութեան եւ երկրի պետական հաստատութիւններու եւ ենթակառոյցներու պահպանման: Ան այս իմաստով գործնական քայլերու դիմեց՝ ի խնդիր երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բարելաւման:
ԱՄԷ-ու հաւասարակշռուած մօտեցումը խթան հանդիսացաւ արաբական շարք մը երկիրներու՝ վերատեսութեան ենթարկելու իրենց յարաբերութիւնները Սուրիոյ հետ, պատերազմի տասը տարիներու հեռաւորութենէ ետք: Անոնք սկսան վերընթերցել քաղաքական ներկայ պատկերը աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու եւ մեծ պետութիւններու քաղաքական նոր մօտեցումներու լոյսին տակ ու որոնել Սուրիոյ հետ մերձեցման ուղիներ:
ԱՄԷ-ը իր քաղաքական, դիւանագիտական եւ տնտեսական օժանդակութեան ձեռքը երկարելով Սուրիոյ, օգնեց վերականգնելու տարածաշրջանի մէջ անոր երբեմնի դերը:
Տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական ընդհանուր  զարգացումները ցոյց տուին,  որ Սուրիոյ տագնապի լուծման առնչուող Միացեալ Էմիրութիւններու կանխատեսումները եւ Սուրիոյ կողքին դիրքորոշուելու նախաձեռնութիւնները ճիշդ դուրս եկան: Փաստօրէն, աւելի ուշ, անոր սկսան հետեւիլ տարածաշրջանի շարք մը արաբական պետութիւններ:
2018-ին Դամասկոսի մէջ Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանութեան բացումը քաղաքական ուղերձներ կ’ընգրկէր ու կ’ամրապնդէր Սուրիոյ դիրքը ներքին մակարդակի վրայ եւ արտաքին ճնշումներու եւ միջամտութիւններու դիմաց:
Սուրիան եւս կ’ողջունէր այս մերձեցումը: Նախագահ Պաշշար ալ Ասատ ԱՄԷ-ու արտաքին գործոց նախարարին Դամասկոս այցելութիւնը ողջունելով հաստատած էր, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները եղբայրական են, իսկ ԱՄԷ-ու դիրքորոշումները առարկայական են ու դրական:
Աւելցնենք, որ տնտեսութեան մակարդակով ԱՄԷ-ը կը հանդիսանայ Սուրիոյ կարեւորագոյն առեւտրական գործընկերներէն մէկը, որ արաբական աշխարհին մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ համաշխարհային առումով՝ երրորդը։
Արդեօ՞ք Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը յաջողի Ռուսիոյ եւ Իրանի ազդեցութեան կողքին, որպէս այլընտրանք Սուրիոյ համար քաղաքական շարժումի (մանեւրի) նոր ուղեցոյց հանդիսանալ:
ԱՄԷ-ու տարածաշրջանային երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու պահպանումը եւ Սուրիան տնտեսական շրջափակումէն դուրս բերելու ճիգերը մեծ գրաւականներ կրնան դառնալ այս առումով: