Անհրաժեշտ է մեր բնակարանը այնպէս մը յարդարել, որ ուրախութիւն պարգեւէ երեխաներուն եւ մեծերուն՝ Դեկտեմբեր ամիսը վերածելով իսկական հեքիաթի:
Հիմնական սկզբունքներ բնակարանի յարդարումին համար:
-Անհրաժեշտ է նորաձեւութեան հետեւելով զարդարել բնակարանը Ամանորի նախօրէին՝ ձեր ճաշակը ներդնելով յարդարման ոճին մէջ:
Այդուհանդերձ պէտք է պահպանել քանի մը ընդհանուր կանոն.
Ամանորեան յարդարանքը պէտք չէ շատ գունաւոր ըլլայ: Բաւարար է օգտագործել 2-3 երանգներ, որոնք ներդաշնակ կը դառնան իրարու հետ:
Բնակարանը պէտք չէ խճողել զարդարանքով: Պէտք է ճաշակաւոր դասաւորումով զարդարել տունը եւ տօնական ջերմ մթնոլորտ շնորհել անոր:
Յարդարումի ատեն նկատի պէտք է առնել մեր տան ընդհանուր գոյները, որպէսզի զարդարանքին եւ կահոյքին գոյները ներդաշնակ ըլլան եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեն:
Զարդարանքը պէտք չէ խանգարէ տանտէրը կամ հիւրերը, հակառակ պարագային, կրնայ ստեղծել տհաճ վիճակ:
Ուստի ուշադիր եղէ՛ք յարդարանքի ձեր ոճին մէջ եւ հետեւեցէ՛ք նորաձեւութեան:
Բնակարանը պէտք է ունենայ հանգիստ ու ջերմ մթնոլորտ, այդ պատճառով ալ պայման չէ շատ սուղ յարդարանքներով խճողել ձեր տունը: Գեղեցկութիւնը պարզութեան մէջ է: Նախընրելի է նաեւ ձեռային աշխատանքներով յարդարել որոշ բաժիններ՝ անոնց պատրաստութեան մասնակից դարձնելով նաեւ տան փոքրիկները: