Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ի յետմիջօրէին, Արտադրողներ 2 (٢منتجين) ցուցահանդէսը սկիզբ առաւ Հալէպի Խան Ալ Շունէ պատմական շուկայէն ներս։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան պետական պաշտօնական ներկայացուցիչներու խումբին հետ այցելեց ցուցահանդէսին։ Պաշտօնական խումբին մաս կը կազմէին Սուրիոյ արդիւնաբերութեան նախարար Զիատ Սապպաղ, Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Ամրու Սալէմ, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ, Հալէպի կուսակցապետ Ահմատ Մանսուր եւ գործադիր գրասենեակներու ներկայացուցիչներ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ազգային Վարչութեան, ՍՕԽաչի Շրջ. Վարչութեան եւ Պետական վարչութեան անդամներ եւ փոքր տնտեսութիւններու յանձնախումբը։
 
Յիշեալ ցուցահանդէսը աշխատանքային փոքր ծրագիրները քաջալերող գեղեցիկ առիթ մըն է, որուն
իրենց մասնակցութիւնը բերին 284 արտադրողներ եւ գործատէրեր, որոնք օգտուած են նախագահական պալատին կողմէ տրամադրուած տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւնները քաջալերող ծրագիրէն եւ այս ցուցահանդէսը լաւագոյն քաջալերանքն է զանազան բնոյթի իրենց արտադրութիւնները ցուցադրելու հանրութեան։ Յիշենք, որ արտադրողներու առաջին ցուցահանդէսին այցելած են Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատը եւ առաջին տիկին Ասմա Ալ Ասատը եւ իրենց քաջալերանքը արտայայտած են։
 
Ցուցահանդէսը կը զուգադիպի Հալէպի ազատագրութեան հինգերորդ ամեակին եւ լաւագոյն դրսեւորումը կը հանդիսանայ վերականգնումի գործընթացին, առաւել յոյս եւ աւիւն ներշնչելով Հալէպի ժողովուրդի զաւակներուն։
 
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հալէպահայեր, որոնց տաղաւարները իւրայատուկ էին հայը բնորոշող ձեռարուեստով, հայ վարպետի ճաշակով եւ մաքուր աշխատանքով։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց բոլոր տաղաւարները եւ իր հայրական յորդորներով քաջալերեց մասնակիցները, ապա յիշատակի նկարներ ունեցաւ ցուցահանդէսին մասնակցող հայորդիներուն հետ։
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 20 Դեկտեմբեր 2021։