8 Դեկտեմբերին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ սկսաւ ՀՅԴ մարմիններու խորհրդաժողովը:
Խորհրդաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի զեկուցումով՝ վերջին շրջանին կատարուած քաղաքական եւ կազմակերպական աշխատանքներու մասին:
Երկօրեայ խորհրդաժողովի առաջին օրուան նիստերուն ընթացքին ժողովը քննարկեց Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ քաղաքական կացութիւնը, մտահոգութիւն արտայայտեց հայրենի պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն հարցով:
Մասնաւորապէս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած պարտուողական քաղաքականութեան եւ ընդդիմութեան նկատմամբ հալածանքներուն: Շեշտուեցաւ ակնառու փաստը, որ Հայաստանի այսօրուան ղեկավարութեան օրակարգին վրայ չկայ Արցախի հարցը, սպառնալիքի ենթակայ են հայոց երկու պետութիւններու ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը:
Մտահոգութիւն արտայայտուեցաւ նաեւ օրուան իշխանութիւններու գործունէութեան մէջ սովորական դարձած անօրինական գործելակերպին վերաբերեալ: Ժողովին մասնակիցները անդրադարձան այն հարցին, որ Հայաստանը պառակտելէ ետք Հայաստանի իշխանութիւնները այժմ ալ ձեռնամուխ եղած են Սփիւռքի պառակտման գործին:
Դաշնակցութեան խորհրդաժողովը վճռականութիւն յայտնեց շարունակելու ջանքերը հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութիւններու անվտանգութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ: «Հայ դատ» օրակարգին ներքեւ քննելով Հայաստանի եւ Արցախի դիմագրաւած քաղաքական աւանդական եւ նոր մարտահրաւէրներու հարցը, անհրաժեշտ նկատուեցաւ արտերկրի մէջ, միջազգային բեմերու վրայ աւելի աշխուժօրէն պաշտպանել Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները, հետապնդել Արցախի անկախ կարգավիճակի հարցը:
Առաջին օրուան քննարկումներէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Անթիլիասի մայրավանք եւ ընդունուեցան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ:
Աշխատանքներու երկրորդ օրը սկսաւ Միջին Արեւելքի, մասնաւորապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս սփիւռքի ներկայ կացութեան վերաբերեալ օրակարգային հարցերու քննարկումով:
Ըսուեցաւ, որ սփիւռքեան տագնապները, մասնաւորապէս լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած ընկերային եւ այլ բնոյթի դժուարութիւնները պիտի մնան Դաշնակցութեան գործնական ուշադրութեան առանցքին մէջ: Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ բազմակողմանի աջակցութիւնը այս հայաշունչ, կենսունակ համայնքներուն:
Կէսօրուան ընդմիջումին խորհրդաժողովի մասնակիցները այցելեցին Պուրճ Համմուտի Ազգային գերեզմանատուն` յարգանքի տուրք մատուցելու ՀՅԴ պանթէոնին մէջ ննջող մեծերուն եւ Լիզպոնի հերոս նահատակներուն:
Անցնելով եզրափակիչ բաժինին` խորհրդաժողովի մասնակիցները անդրադարձան ուղեկից միութիւններու գործունէութեան: Քննարկուեցան կուսակցական քարոզչութեան կապուած հարցեր: