Շարականի բառերով Սուրբ Մինասը, Երմոգինէս եւ Գրաբոս սուրբերուն հետ արագահաս օգնականն է զինք յոյսով դիմող հաւատացեալներուն համար:
Ս. Մինասի տօնին առիթով, Երեքշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցիէն ներս գտնուող Ս. Մինասի պատմական խորանին վրայ եպիսկոպոսական պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, ներկայութեամբ՝ մեծաթիւ հաւատացեալներու եւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի աշակերտներուն, որոնք ուխտաւորաբար եկած էին իրենց աղօթքները բարձրացնելու առ Աստուած եւ Ս. Մինասի բարեխօսութիւնը հայցելու:
Եկեղեցւոյ դպրաց դասի «Հրաշափառ» երգեցողութեամբ եւ թափօր կազմած՝ պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի: Ս. Խորանին սպասարկեցին՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ քհնյ. Չափանեան եւ Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեան: Արարողակարգին մասնակից դարձան նաեւ Թեմի հոգեւորականաց դասը:
Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, «Շողակաթ» երգչախումբի հոգեպարար երգեցողութեամբ, հաւատացեալներուն հոգիները աստուածային օրհնութեամբ համակուեցան: Ուխտաւոր հաւատացեալներուն կողքին դպրոցական աշակերտները իրենց քաղցրահնչիւն ձայնով մասնակից դարձան Պատարագի շարականներու երգեցողութեան։
Օրուան խորհուրդը ներկաներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, լուսարձակի տակ առնելով սուրբերուն մաքրակենցաղ վարքը եւ հոգեւոր աճումի ճամբով աշխարհիկ հաճոյքներէն անոնց հեռացումը, որուն պայծառ օրինակը կը պարզէ Ս. Մինասը:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիք ունինք մեր տուները եւ սրտերը վերածելու խնկաբոյր աղօթավայրերու, այնպէս ինչպէս սուրբերը լքելով աշխարհի վայելքները՝ մեկուսացան եւ հետամուտ եղան Տիրոջ ներքին խաղաղութիւնն ու սէրը գտնելու:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ սուրբերուն ողջ կեանքը նուիրուած էր աղօթքի, քրիստոնէական այն հաստատուն հաւատքով, որ Տէրը կը լսէ եւ Իր սիրոյն արժանի կը դարձնէ զիրենք: «Սուրբ Մինասի վարքին մէջ անհրաժեշտ է տեսնել անոր նահատակութեան ոգին: Ան այնքան սիրեց Արարիչը, որ դարձի եկաւ, ապաշխարեց եւ աղօթքի նուիրուելով բազմաթիւ հրաշքներ գործեց», աւելցուց Սրբազան Հայրը, հաւատացեալները հրաւիրելով, որպէսզի իրենք եւս սուրբերու կենցաղին հետեւելով Աստուծոյ սիրոյն մէջ մնան եւ արժանի դառնան Անոր պաշտպանութեան:
Մասիս եպիսկոպոս պատմական խորանին առջեւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած հայցեց սուրբ Մինասին բարեխօսութիւնը եւ Աստուծոյ երկնառատ օրհնութիւնները՝ պաշտպան կանգնելու մեր ընտանիքներուն, հայ ազգի զաւակներուն եւ մանաւանդ երիտասարդներուն:
Սրբազան Հայրը այս առիթով գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, թաղական խորհուրդը, աղքատախնամ կազմը, տիկնանց յանձնախումբը եւ դպիրները՝ իրենց եկեղեցանուէր ծառայութեան համար։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր «Շողակաթ» երգչախումբի անդամուհիները «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին։ Հաւատացեալները նորոգուած հոգիով եւ հոգեկան բաւարարութեամբ մեկնեցան եկեղեցիէն:
Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան