Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Գամիշլիի համանուն եկեղեցւոյ տօնին առիթով, Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան Հայրը դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի:
Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, որ հայ եկեղեցւոյ հոգեթով շարականներով համակեց հաւատացեալներուն հոգիները:
Սրբազան Հօր առընթերականերն էին բարշ. Յակոբ աւագ սարկաւագ Պարսումեան եւ բարշ. Վազգէն սրկ. Ղազարեան։
 
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին սկիզբը փառք եւ գոհութիւն առաքեց Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս առիթ ընծայեց հովուական այցելութեամբ գտնուելու Ճեզիրէ շրջանէն ներս եւ այցելելու Հասիչէ եւ Տերիք, Գամիշլիի մէջ ուխտաւորաբար Ս. Յակոբ տօնին առիթով Պատարագ մատուցելու եւ հանդիպելու ազգային-եկեղեցական մարմիններուն եւ միութիւններուն հետ, հաւաքաբար շարունակելու ծառայական առաքելութիւնը՝ ի փառս հայ եկեղեցւոյ եւ ազգային-եկեղեցական մեր կառոյցներուն:
Ան շնորհաւորեց եւ գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, շրջանի ազգային վարժարաններէն, մարմիններէն եւ միութիւններէն ներս ծառայող նուիրեալները, որոնք հակառակ յետ պատերազմի դժուարութիւններուն, մեծ սիրով, հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ կը ծառայեն հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին եւ հայ մշակոյթին, որպէսզի Ճեզիրէի մէջ ապրող մեր հայ ազգի զաւակները հասակ առնեն քրիստոնէական-հայեցի կրթութեամբ:
 
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ լուսարձակի տակ առնելով սուրբերուն վարքը, յայտնեց, թէ սուրբերը Աստուծոյ ապաւինելով իրենց ողջ կեանքի ընթացքին չարին եւ աներեւելի թշնամիին դէմ պայքարեցան: Հետեւաբար, անոնք աստուածային զօրութեամբ պայքարելու քաջութիւն ունեցան եւ Քրիստոսի աւետիսը սերմանեցին հեթանոսներու հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ: Ան հրաւիրեց հաւատացեալները հետեւելու սուրբերու, յատկապէս հրաշագործ սուրբ Յակոբի օրինակին, յոյսով ու հաւատքով շարունակելու ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ ազգի անդաստանէն ներս եւ Աստուծոյ ապաւինելով յաղթանակած դուրս գալու:
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Ս. Յակոբի տօնը յաղթանակի, ուրախութեան եւ հաւատքի ամրապնդման տօն է, ընդգծելով Սուրբ Յակոբի հաւատքի զօրութիւնը, որուն շնորհիւ Արարատ լերան բարձունքէն հրեշտակին ձեռամբ ան նոյան տապանի մասունքը ստացաւ: Ան ներկաներուն պատուիրեց, որ իրենց հաւատքը ամուր ժայռի վրայ հիմնեն, այնպէս ինչպէս պատուիրեց Քրիստոս:
 
Սրբազան Հայրը Ս. Յակոբին բարեխօսութեան դիմելով, աղօթեց, որ Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդի զաւակները, սուրիական հայրենիքը, բանակը եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատը, մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Արցախը:
Խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը կրկին անգամ գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը, քահանայ հայրը, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղականութիւնները, Տիկնաց յանձնախումբերը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւնները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները, ազգային-եկեղեցական մարմիններն ու միութիւնները, բոլորին մաղթելով բարեյաջող ծառայութիւն:
 
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդական Փոխանորդութեան շրջափակ, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին, տարազաւոր սկաուտներուն եւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ:
Տօնական մթնոլորտի մէջ, Սրբազան Հայրը կատարեց աւանդական մատաղի օրհնութիւն: Տօնական մթնոլորտի մէջ հնչեցին շարականներ եւ ազգային երգեր։