Երեւանէն ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան խումբին հետ ժամանած մանկավարժ տիկ. Յասմիկ Պապաճանեանի ներկայութենէն օգտուելով, ՍՕ Խաչի Շրջանային Դաստիարակչական Յանձնախումբը կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկ մը` «Երեխան Ընտանիքի Մէջ» խորագիրով, Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական Կեդրոնի «Գ. Համալեան» սրահէն ներս:
 
Բեմավար Մարինա Պոզեաքալեան բացման իր խօսքով անդրադարձաւ միութեան կարեւոր դերին հայ կնոջ գիտելիքներու զարգացման եւ ընտանիքէն ներս, որպէս ծնողք, անոր դերակատարութեան նոր որակ հաղորդելու ճիգերուն մէջ:
Ապա ան ներկայացուց տիկին Յասմիկ Պապաճանեանը, դիտել տալով, որ ան կ՛ապրի Երեւան, 15 տարի է ի վեր զինուորական է, միեւնոյն ատեն պատմաբան, մանկավարժ ու երեք զաւակներու մայր։ Ան մասնագիտացած է տարբեր երկիրներու մէջ դասընթացքներու հետեւելով։ Մասնակցած է Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ու որպէս ականատես վկայ գրած է «Իշխանաձորի Վերջին Մայրամուտը» գիրքը:
Այնուհետեւ տիկին Յասմիկ ներկայացուց իր նիւթը՝ երեք գլխաւոր բաժիններով.
1.- Ծնողներու դերը մանուկի զարգացման փուլերուն:
Այստեղ շեշտեց, որ ծնողքը հարկ է, որ ընտանիքէն ներս ստեղծէ առողջ մթնոլորտ, մանուկին առողջապահական սնունդն ու հոգեկան անդորրութիւնը ապահովելով:
Ան հարկ համարեց տեւաբար զրուցել մանուկներուն հետ, բացատրել չարին ու բարիին տարբերութիւնը, խօսիլ անոնց առօրեայ հարցերուն մասին եւ երեւան բերել անոնց թաքուն ձիրքերը:
2.- Դիտողութիւն ընելու գծով ան ըսաւ, որ երբ մանուկին ո՛չ պիտի ըսենք, անհրաժեշտ է, որ պարզենք պատճառը:
Երեխան չքննադատենք, զայն չհամեմատենք ուրիշ երեխաներու հետ:
Չօգտագործենք բառեր, ինչպէս՝ հայհոյանք կամ ածականներ, որոնք կը խոցեն երեխային արժանապտուութիւնը:
Մի՛շտ անկեղծ, լուրջ ու համոզիչ կերպով գովաբանենք երեխան։
Դպրոցի եւ ուսուցիչներու հետ կապ պահենք, աջակցինք, որ անոնք լաւագոյն արդիւնքներու հասնին:
 
3.- Խրախուսել երեխան, զինք տեւաբար պահելով ուրախ մթնոլորտի մէջ:
Դասախօսը ցուցադրեց նաեւ համապատասխան պատկերներ:
 
Աւարտին, ան ներկաներուն հարցումներուն սպառիչ պատասխաններ տուաւ։
 
Հուսկ, Դաստիարակչական Յանձնախումբի ատենապետուհի տիկին Հուրի Մաղաքեան գնահատեց դասախօսը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ զեկոյցին համար։