Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Գամիշլի կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին, Ուրբաթ 17 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդութեան դահլիճէն ներս յաջորդական երկու հանդիպումներ ունեցաւ Գամիշլիի ազգային-եկեղեցական մարմիններուն եւ միութիւններու վարչութիւններուն հետ:
Հանդիպումներուն ներկայ գտնուեցան Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Ճեզիրէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան, ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը։
 
Առաջին հանդիպումով Սրբազան Հայրը տեսակցեցաւ ՍԵՄ-ի, Պատանեկան Միութեան, Համազգայինի, ՍՕԽաչի, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն եւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտ Խորհուրդին հետ:
Երկրորդ հանդիպումով, Մասիս եպիսկոպոս հանդիպում ունեցաւ Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկի պատասխանատուներուն, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ աղքատախնամին, կալուածային յանձնախումբին, եկեղեցասիրաց տիկիններուն, սարակաւագներուն, դպիրներուն եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին հետ:
 
Սրբազան Հայրը տեսակցելով միութիւններու եւ ազգային մարմիններու վարչութիւններուն հետ, յուզմունքով յիշեց իր առաջնորդական փոխանորդութեան տարիներուն, միութիւններուն տարած աշխոյժ գործունէութիւնը գամիշլիահայութեան կեանքէն ներս։ Ան հաստատեց, թէ յետ պատերազմին, հակառակ տիրող ծանր իրավիճակին, բոլոր միութիւնները տակաւին կը շարունակեն խանդավառութեամբ գործել, յոյս ներշնչելով երիտասարդ սերունդներուն։
 
Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ անոնց տարած աշխատանքներուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ գնահատեց անոնց ծառայական աշխատանքը, թելադրելով, որ նուիրումով եւ մեծ սիրով շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, ի նպաստ մեր կառոյցներու առաւել պայծառացման:
 
Մասիս եպիսկոպոս Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովին ողջոյնները փոխանցեց եւ իր հայրական թելադրութիւնները ուղղեց ժողովականներուն, շեշտելով երիտասարդները մեր կառոյցներուն շուրջ համախմբելու կարեւորութիւնը:
Սրբազան Հայրը բոլորին մաղթեց բարեյաջող գործունէութիւն եւ շահեկան ծրագիրներու իրականացում:
Հանդիպումները ընթացան ջերմ մթնոլորտի մէջ եւ առիթ հանդիսացան վերանորոգ թափով շարունակելու իրենց առաքելութիւնը: