17,18,19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան հովուական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Ճեզիրէի հայութեան, այցելելով Գամիշլի, Հասիչէ, Տերիք, ուր մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալով հանդիպումներ ունեցաւ ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ միութիւններու, պետական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու հետ եւ նախագահեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան պատարագին:
Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգ. Վարչութեան անդամ մեթր Պայքար Թովմասեան, ազգայիններ Վրէժ Եագուպեան եւ տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան:
Հինգշաբթի երեկոյեան, սրբազան հայրը ժամանեց Գամիշլի, ուր տեղւոյն օդակայանի պատուոյ սրահէն ներս հանդիպում ունեցաւ Ասորի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Իգնատիոս Իւսէֆ Գ. Եունան պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ճեզիրէի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մորիս Ամսիհ եպիսկոպոսը։
Սրբազան Հայրը ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղական խորհուրդներուն կողմէ:
Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Գամիշլիի Ազգ. Եփրատ Մանկապարտէզ եւ Նախակրթարան, ապա նաեւ Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարաններ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Սագօ Սիմոնեանի, Գամիշլիի թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեանի, Ազգ. Եփրատ մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհի Մարալ Սարգիսեանի, Ազգ. Եփրատ նախակրթարանի տնօրէնուհի Լուսին Աւետիսեանի, Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Խաչատուրեանի կողմէ:
Ազգ. Եփրատ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտները ուրախ կանչերով եւ արտասանութիւններով բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան Հօր: Սրբազան Հայրը մանկապարտէզի փոքրիկները օրհնելով,  անոնց պատուիրեց, որ Քրիստոսէն մեզի փոխանցուած բարութեամբ ապրին եւ այդ բարութիւնը շաղախելով իրենց կեանքին հետ, հայ դպրոցէն ներս հասակ առնեն եւ ըլլան արժանաւոր զաւակները հայ ազգին:
Նախակրթարանի աշակերտներուն հետ տեսակցելով, Մասիս եպիսկոպոս խօսեցաւ ծառայութեան մասին, անոնց յայտնելով, թէ որպէս հայ աշակերտներ մեր ազգի հովանիին տակ հասակ առնելով, պիտի շարունակեն մեր ծառայութեան երթը՝ նուիրաբար ծառայելով հայ ազգին եւ հայ եկեղեցւոյ:
Սրբազան Հայրը Ազգ. Միացեալ Միջնակարգ եւ Երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն պարզաբանեց պատուաւոր հայ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովականութեան, Ուսումնական Խորհուրդին եւ ազգային մարմիններուն ողջոյնները փոխանցեց, յայտնելով, որ թէեւ աշխարհագրական տարածքով հեռու ենք իրարմէ, սակայն նոյն մարտահրաւէրներուն առջեւ կը գտնուինք:
Ուրբաթ կէսօրին, սրբազան հայրը ժամանեց Տերիք, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներուն եւ անոր ատենապետ Սերոբ Սուսանիին, Ազգային Ազատութիւն վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, ՍՕ Խաչի վարչութեան եւ կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին ու աշակերտութեան կողմէ:
Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր աղօթք կարդացուեցաւ: Բացման խօսք արտասանեց Ճեզիրէ շրջանի կիրակնօրեայ դպրոցներու տեսուչ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, բարի գալուստ մաղթելով սրբազան հօր: Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիներուն առաջնորդութեամբ, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի տօներուն նուիրուած գեղարուեստական բովանդակալից յայտագիրի ընդմէջէն երգեցին փունջ մը շարականներ, որոնք կը խորհրդանշեն Քրիստոսի ծննդեան տօնը, ապա ամանորեայ երգերով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին:
Այնուհետեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, խօսք առնելով Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղականութեան, կիրակնօրեայ դպրոցի եւ բոլոր միութիւններուն անունով բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան՝ Տերիք կատարած իր հովուական օրհնաբեր այցելութեան առիթով:
Սրբազան հայրը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով իր սրտի խօսքը ուղղեց Տերիքի մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ան իր յուզմունքն ու ուրախութիւնը արտայայտեց ի տես Տերիքի մուտքին խումբ  մը ազգայիններու ջերմ դիմաւորութեան: Սրբազան հայրը այս այցելութիւնը եւ մանաւանդ մանուկներուն ներկայութիւնը խանդավառութեան նոր առիթ մը համարեց եւ հրաւիրեց բոլորը նոյն ոգիով շարունակելու մեր առաքելութիւնը Սուրիոյ ողջ տարածքին եւ մասնաւորաբար Ճեզիրէ շրջանէն ներս:
Ան բարձր գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին ծառայութիւնը, արժանապատիւ քահանայ հօր նուիրուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Տերիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, որ կը հոգայ եկեղեցւոյ աշխատանքները եւ վարժարանի ուսումնական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Ազատութիւն վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին նուիրական աշխատանքը:
Մասիս եպիսկոպոս եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ճաշի հիւրերը եղան Տերիքի թաղականութեան, ապա սրբազան հայրը պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցաւ Տերիքի Թաղականութեան եւ ազգային մարմիններու պատասխանատուներուն հետ: Թաղականութիւնը Սրբազան Հօր փոխանցեց Յիսուսի վերջին ընթրիքը պատկերող յուշանուէր մը:
Շաբաթ, 18 Դեկտեմբեր 2021-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատուիրակութեամբ այցելեց Հասիչէի Ազգային Մեսրոպեան վարժարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ տնօրէնուհի Սեդա Տէր Նիկողոսեանի կողմէ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուիրակութեան կողքին ներկայ էին Գամիշլիի թաղական խորհուրդը եւ անոր ատենապետ Վարդան Մուրատեան, Հասիչէի թաղական խորհուրդը եւ անոր ատենապետ Արմէն Նալպանտեան եւ ՍՕ Խաչի վարչութեան անդամուհիներ: Աշակերտները սիրոյ բացագանչութիւններով եւ կանչերով բարի գալուստ մաղթեցին սրբազան հօր։
Սրբազան հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնելով մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը, յայտնելով, որ հակառակ դժուար պայմաններուն անոնք նուիրաբար յառաջ կը տանին վարժարանի ուսումնական երթը եւ հայեցի կրթութիւնը: Այնուհետեւ սրբազան հայրը մեկնեցաւ Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, ուր աղօթք կատարուեցաւ: Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները փունջ մը աղօթքներ արտասանեցին եւ շարականներ երգեցին, արտայայտելով իրենց կապուածութիւնը հայ դպրոցին, եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային-եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ:
Սրբազան հայրը Հասիչէի եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնութեան, ՍՕ Խաչի վարչութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, լսեց շրջանի մտահոգութիւնները եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
Սրբազան Հայրը գնահատեց Հասիչէի թաղական խորհուրդը, միութիւններու ներկայացուցիչներն ու վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը, որոնք նուիրաբար լծուած են ծառայելու մեր ազգին եւ եկեղեցւոյ: Սրբազան Հօր հովուական այցելութեան առիթով կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ։ Մասիս եպիսկոսպոս մօտէն հետեւեցաւ Հասիչէի մէջ երիցատան եւ կիրակնօրեայ դպրոցի վերաշինութեան աշխատանքներուն: Ապա, թաղականութեան հրաւէրով, սրբազանը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը սիրոյ սեղանի շուրջ համախմբուեցան:
Շաբաթ երեկոյեան, սրբազան հօր հովանաւորութեամբ, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութիւն կատարուեցաւ նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, մեծաթիւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Ժամերգութենէն ետք, կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները տօնական մթնոլորտի մէջ կենդանի պատկերով ներկայացուցին Քրիստոսի Ս. Ծնունդի խորհուրդը: Այս առիթով, կիրակնօրեայ դպրոցի պատանիները, իրենց շաբաթական հաւաքոյթներու ընթացքին հաւաքած գումարով նուէրներ պատրաստած էին ներկայ գտնուող բոլոր փոքրիկներուն, որոնք համախմբուած էին Առաջնորդական Փոխանորդութեան շրջափակը: Ամանորեան երգերու ներքոյ Կաղանդ Պապուկը ժամանեց եւ բոլոր փոքրիկներուն նուէրներ բաժնելով ուրախացուց զանոնք:
Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները յայտնելով ներկաներուն, յատկապէս փոքրիկներուն, մաղթելով, որ Նոր Տարին ըլլայ արեւշատ, առողջ եւ իրենց երազները իրականացնելու տարի մը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Գամիշլիի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Գամիշլիի ազգային-եկեղեցական մարմիններուն եւ միութիւններու վարչութիւններուն, Գամիշլիի Թաղական Խորհուրդին, ընկերային յանձնախումբին, կիրակնօրեայ դպրոցի երիտասարդներուն եւ պահակ տղոց հետ:
Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Սուրբ Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Գամիշլիի համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Պատարագ մատուցեց Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ:
Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ Ս. Յակոբի տօնը յաղթանակի, ուրախութեան եւ հաւատքի ամրապնդման տօն է, ընդգծելով Սուրբ Յակոբի հաւատքի զօրութիւնը, որուն շնորհիւ Արարատ լերան բարձունքէն հրեշտակին ձեռամբ ան նոյեան տապանի մասունքը ստացաւ: Ան ներկաները յորդորեց իրենց հաւատքը ամուր ժայռի վրայ հիմնելու, այնպէս ինչպէս պատուիրեց Քրիստոս:
Մասիս եպիսկոպոս Ս. Յակոբին բարեխօսութեան դիմելով, աղօթեց, որ Աստուած օրհնէ մեր ժողովուրդի զաւակները, սուրիական հայրենիքը, բանակը եւ անոր վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Ալ Ասատը, մեր հայրենիքը՝ Հայաստանը եւ Արցախը:
Խօսքի աւարտին, սրբազան հայրը շնորհաւորեց եւ գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանը, Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տերիքի թաղականութիւնները, Տիկնանց յանձնախումբերը, ազգային վարժարաններու հոգաբարձութիւնները, տնօրէնները, կրթական մշակներն ու հայերէնաւանդ ուսուցչուհիները, ազգային-եկեղեցական մարմիններն ու միութիւնները, բոլորին մաղթելով բարեյաջող ծառայութիւն:
Պատարագէն ետք, սրբազան հայրը թափօր կազմած ուղղուեցաւ դէպի Առաջնորդական Փոխանորդութեան շրջափակ, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի փողերախումբին, տարազաւոր սկաուտներուն եւ հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ: Սրբազան Հայրը խաչով եւ Աւետարանով կատարեց աւանդական մատաղի օրհնութիւն: Տօնական մթնոլորտի մէջ հնչեցին շարականներ եւ ազգային երգեր։ Ապա ան բացումը կատարեց Առաջնորդական Փոխանորդութեան վերանորոգուած դահլիճին, ուր ցուցադրուեցան եկեղեցական սպասներ եւ իրեր, պատարագի զգեստներ, շրջանի եկեղեցիներու թանկարժէք սպասներ եւ հնատիպ գիրքեր։
Այս առիթով Մասիս եպիսկոպոս բարձր գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի նուիրական ծառայութիւնը եւ բծախնդիր կազմակերպումը եկեղեցական-ազգային տօներուն, յատկապէս եկեղեցական տօնակատարութիւններուն։ Ան նշեց, թէ հայր սուրբը շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը գտնուի Ճեզիրէի շրջանէն ներս եւ իր ջանքերով, շրջանի թաղականութեան ճիգով եւ հոգաբարձութեան հաւաքական աշխատանքով Ճեզիրէի շրջանի հայութեան կեանքը առաւել կը ծաղկի։
Հովուական այցելութենէն վերադարձին, Սրբազան Հայրը երկ-օրեայ կեցութիւն ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ուր պատուիրակութեամբ հանդիպում ունեցաւ ՀՀ դեսպանին հետ եւ պետական նախարարներու հետ: