2021-ը սուրիահայութեան համար թէեւ եղաւ տնտեսական ու կենցաղային դժուարութիւններով բնորոշուող տարի մը, սակայն վերականգնումի աշխատանքները երեւելի դարձան ու նոր մարտահրաւէրներ երեւան բերին:
Սուրիոյ տնտեսական շրջափակումն ու համաճարակը պատերազմէն արդէն իսկ տուժած երկրի տնտեսութիւնը անել կացութեան մատնեցին: Երեւոյթ մը, որ իր անմիջական անդրադարձը ունեցաւ ժողովուրդի կենցաղին վրայ, յատկապէս սուրիական դրամանիշին ԱՄՆ տոլարին դիմաց կրած անկումով եւ անոր հետեւանքով երկրէն ներս անկառավարելի դարձած սղաճով:
Տնտեսական այս ծանր պայմաններուն մէջ նկատելի էին Սուրիոյ կառավարութեան աշխատանքի նոր ուղղութիւններ որոնելու ճիգերը, յատկապէս  կառավարական հաստատութիւններու աշխատանքին եւ ծառայողական ոլորտին թուայնացման ճամբով եւ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ուղղուած այլընտրանքային կենսուժի օգտագործման ծրագիրներով:
Այս իմաստով,  Սուրիոյ կառավարութիւնը, նախագահին իսկ թելադրանքով, ուղղուեցաւ այլընտրանքային կենսուժի հատուածը մասնակիօրէն կարգաւորելու աշխատանքին, որպէսզի գէթ կարելի ըլլայ վառելանիւթի տագնապի մասնակի յաղթահարումը, յատկապէս հաստատութիւններու կողմէ:
Կառավարութիւնը քաջ գիտնալով նաեւ, որ կարճ ժամանակի մէջ կարելի չէ վերականգնել երկրին տնտեսութիւնը ու հասցնել զայն իր երբեմնի կայուն վիճակին, որոշեց նաեւ թափ տալ տեղական արտադրութեան: Այս իմաստով նկատելի էին տնտեսական փոքր ծրագիրներ քաջալերելու, երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու եւ զայն գործի մղելու նպատակով առնուող քայլերը:
Այս բոլորը պարզապէս փորձեր էին մեղմացնելու երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մասամբ լուծելու ժողովուրդին կենցաղային հարցերը:
Սուրիոյ քաղաքական տագնապի լուծման հեռանկարներն ու երկրի դաշնակիցներու զօրակցութեամբ տնտեսական պատիժներու վերացման ուղղուած քայլերը բնականաբար կրնան աստիճանաբար վերացնել այս դժուարութիւնները:
Միւս կողմէ բտածութեան դէմ կառավարութեան պայքարը յուժ կարեւոր ներգործութիւն կրնայ ունենալ յատկապէս սղաճի կասեցման ու քաղաքացիի կենցաղային վիճակի բարելաւման մէջ:
Սուրիահայ համայնքը, որպէս մէկ մասնիկը Սուրիոյ ժողովուրդին, լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կանգնած է՝ յաղթահարելով տնտեսական տագնապները շարունակելու վերականգնումի ընթացք առած իր աշխատանքները եւ ուղղուելու առաւելաբար ազգային զանազան ոլորտներու մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնելու համար նախատեսուած մարդկային պաշարներու պատրաստութեան սերտուած ծրագրաւորումին: