“Անթիլիաս”._Հինգշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2021-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի Մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչին, մշակոյթի կցորդին եւ տեղեկատուական բաժնի տնօրէնին: Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու ընդհանրապէս Իրանի եւ Լիբանանի յարաբերութեանց եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի պետութեան միջ-կրօնական ու մշակութային երկխօսութեան բաժանմունքի միջեւ շարունակուող երկխօսութեան: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Թեհրանի Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան մօտէն կը հետեւի երկխօսութեան գործընթացքին եւ հաւանաբար յառաջիկայ Մայիսին տեղի ունենայ յաջորդ հանդիպումը՝ Թեհրանի կամ Անթիլիասի մէջ: Հիւրերը յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Նորին Սրբութեան եւ ապա այցելեցին «Կիլիկիա» թանգարան եւ մօտէն ծանօթացան թանգարանին մէջ ցուցադրուող պատմական իրերուն: